Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Քահանայապետը յիշեց «Գովեալ ըլլաս»ի շաբաթը, մօտիկութիւն յայտնեց Չինաստանի քրիստոնեաներուն ու կոչ ուղղեց ի նպաստ կեանքի պաշտպանութեան

Կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մըն է. Ան մշտապէս անձեռնմխելի եւ սուրբ է եւ չենք կարող մեր խղճին ձայնը լռեցնել
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 Մայիսի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքէն ետք խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակած ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց կիրակի օր յետմիջօրէին Լիոն քաղաքի մէջ խորաններու պատուոյն արժանացող Երանելի Փաուլինա Մարիա Ժարիքոն, որ եղած է հիմնադիրը «Հաւատայ տարածման Գործին», առաքելութիւններու աջակցութեան համար։

Երանելի Փաուլինա Մարիա Ժարիքօ

«Այս աշխարհական հաւատացեալը եղաւ արի կին մը եւ ուշադիր ժամանակներու յեղաշրջումին Եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ ունենալով տիեզերական տեսութիւն մը», ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով, որ Անոր օրինակը մեր մէջ հրահրէ իղձը աղօթքով եւ բարեսիրութեամբ մասնակցելու Աւետարանի տարածումին։

«Գովեալ ըլլաս»ի Շաբաթը

Սրբազան Պապը յիշեց ապա թէ այսօր կը սկսի «Գովեալ Ըլլաս»ին նուիրուած շաբաթը, «որպէսզի աւելի ուշադրութեամբ անսանք Երկրին աղաղակին» եւ որ մեզ կը խրախուսէ «միասին գործելու` հոգ տանելու համար հասարակաց տանը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ի նպաստ վատիկանեան գերատեսչութեան ու բազմաթիւ կազմակերպութիւններուն, որոնք կը սատարեն վերոնշեալ Շաբթուան, ու հրաւէր ուղղեց բոլորին մասնակցելու անոր։

Չինաստանի պաշտպան Քրիստոնէից օգնութիւն Տիրամօր տօնը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա յառաջիկայ երեքշաբթի օր յիշատակուող Քրիստոնէից օգնութիւն Սուրբ Կոյս Մարիամին տօնը, որ յատուկ կերպով մեծարուած է Չինաստանի Շէյշանի սրբավայրին մէջ։

«Այս ուրախ առիթը ինծի հնարաւորութիւն կ՜ընծայէ վերանորոգելու բոլորին իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ ուշադրութեամբ եւ մասնակցութեամբ կը հետեւի «հաւատացեալներուն եւ հովիւներուն կեանքին եւ իրադարձութիւններուն` որոնք յաճախ խրթին են, «եւ ամէն օր կ՜աղօթեմ անոնց համար», յարեց Նորին Սրբիութիւնը  հրաւիրելով հաւատացեալները միանալու իր աղօթքին, որպէսզի «Չինաստանի մէջ Եկեղեցին, տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութիւնը ապրի անդորրութեամբ եւ ազատութեամբ, եւ առաքելութիւնը կատարէ Աւետարանը քարոզելով բոլորին, դրական ներդրում մը մատուցելով ընկերութեան նիւթական եւ հոգեւոր զարգացումին։

Կեանքը ընտրենք

Քահանայապետը ողջունեց հուսկ տարբեր երկիներէն ժամանած հաւատացեալ ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով Հռոմի մէջ կայացած «Կեանքը ընտրենք» ազգային ձեռնարկի մասնակցողներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կեանքին ի նպաստ յանձնառումին համար։ Ան յիշեցուց` որ «Կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մըն է. Ան մշտապէս անձեռնմխելի եւ սուրբ է եւ չենք կարող մեր խղճին ձայնը լռեցնել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խենդերով որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2022, 12:16