Որոնել

Քոնկոլի հասարակութիւն Քոնկոլի հասարակութիւն 

Ֆրանչիսոս Պապին Քոնկոյի հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանի առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տեղեկագիրը, ֆրանչիսոս Պապին դէպի Քոնկոյի հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան օրակարգի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 28 մայիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց ֆրանչիսկոս Պապին 2-էն 7 յուլիս, դէպի Քոնկօ եւ Հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, թէ շաբաթ, 2 յուլիսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի միջազգայիմ օդակայանէն թռիչքով կը փոխադրուի Քինշաշա քաղաքի օդակայան, ուր ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումին նախատեսուած է բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւն, որմէ ետլ Սրբազան Հայրը կ՝այցելէ Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահին ապա հանդիպում կ՝ունենայ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։ Նոյն օրը երեկոյեան ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն։

Քոնկոյի հանրապետութեան Ճամբորդութեան երկրորդ օրը, կիրակի 3 յուլիսին, առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ Քինշաշա քաղաքին օդակայանին մէջ, ապա երեկոյեան ժամը 6ին, հանդիպում կ՝ունենայ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներու եւ նորընծաներու հետ, Քինշաշային մայր տաճարէն ներս։

Երկուշաբթի, 4 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւով կը փոխադրուի Կոմա քաղաք։ Կէսօրին Կոմա քաղաքին Քիպումպա մարզադաշտին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ, ապա յետմիջօրէին կը հանդիպի բռնութիւններու թիրախ անձերուն հետ, Կոմայի թեմի գաղթականներու կեդրոնէն ներս։

Երեքշաբթի, 5 յուլիսին, Քինշաշայի մարտիրոսներու անուան դաշտէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի երիտասարդներու եւ կրօնի ուսուցիչներու հետ։
Ժամը 10.10ին, Քինշաշայի միջազգային օդակայանէն ներս տեղի ունենալի ֆրանչիսկոս Պապի ի պատիւ հրաժեշտի արարողութենէ ետք, ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւով կը փոխադրուի հարաւային Սուտան, ընկերակցութեամբ Քանթերպուրի Արքեպիսկոպոսին։

Ֆրանչիսկոս Պապին հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը

Յետմիջօրէին ժամը 3ին, Հարաւային Սուտանի Ժուպա քաղաքին միջազգային օդակայան ժամանումին ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ նախատեսուած է բարի գալուստի արարողութիւնը, որմէ ետք ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Հարաւային Սուտանի նախագահին, ապա կը հանդիպի փոխ նախագահներուն հետ ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներու հետ, նախագահական պալատին պարտէզին մէջ։

Հարաւային Սուտան այցելութեան երկրորդ օրը առաւօտեան ֆրանչիկոս Պապ կ՝այցելէ Ճուպա քաղաքին մէջ գտնուող գաղթականներու կեդրոնը։Ապա 11ին, հանդիպում կ՝ունենայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ, Ճուպա քաղաքի պապական նուիրակի պալատին մէջ։
Իսկ երեկոյեան ժամը 6, 30 ին, Ճուպայի յուշահամալիրէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ կը մասնակցի համամիութենական աղօթքին։

Հարաւային Սուտան առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը՝ հինգշաբթի, 7 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 7ին- Ֆրանչիսկսո Պապ սուրբ պատարագ կը մատուցէ Ճուպա քաղաքին յուշահամալիրէն ներս։

Ապա 11.15ին, Ճուպա քաղաքին միջազգային օդակայանէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք, սկիզբ կ՝առնէ ֆրանչիսկոս Պապի դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքը, ուր նախատեսուած է որ ժամանէ Հռոմի ժամով երեկոյեան ժամը 6-ին։

 


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2022, 13:21