Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարդիկ իրենց լիարժէք իրականացումը կը գտնեն յաղթահարելով իրենց եսասիրութիւնն ու վայելելով բաժնեկցուած գեղեցկութիւնը»։

«Կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան համար» նիւթով միջազգային համագումարի մասնակիցները այցելեցին Ֆրանչիսկոս Պապին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 21 մայիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան համար» նիւթով միջազգային համագումարի մասնակիցները, կազմակերպուած Իտալիոյ ոստիկանութեան հրամանատարութեան կողմէ։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով Իտալիոյ ոստիկանութեան, հասարակաց տան պաշտպանութեան ի խնդիր ցուցաբերած բարի կամքին համար ընդգծեց թէ «բնապահպանական մարտահրաւէրը որուն մէջ կ՝ապրինք իր մարդկային արմատներով, կ՝ազդէ բոլորիս վրայ ու մտահոգիչ են։ »(Գովեալ Ըլլաս 137)։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադառնալով համագումարի խորագիրին՝ «բնութիւնը միտքին մէջ» նշեց թէ անիկա մտածել կու տայ Սուրբ Պոնավէնթուրա Տա Պակնորէճիոյի երթուղին, որ կը հրաւիրէ բացայայտելու վերանցականը նաեւ խոկալու բնութեան գեղեցկութեան մասին Սա միտքին ու հոգիին համար ձեւաւորող ճանապարհորդութիւն է» ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով որ Աստուած մարդուն տրամադրութեան տակ դրաւ իր արարչագործութիւնը, մարդիկ իրենց լիարժէք իրականացումը կը գտնեն յաղթահարելով իրենց եսասիրութիւնն ու վայելելով բաժնեկցուած գեղեցկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով հասարակաց տան խնամքի վրայ նշեց թէ բոլորս մեր ձիրքերով կանչուած են կառուցելու խնամքի համաշխարհային քաղաք, կազմելու մարդկային յարաբերութիւններուն ցանց մը որ կը մերժեն ամէն տեսակ խտրականութեան եւ բռնութեան ձեւերը։ Այս նոր «գիւղին» մէջ կրթութիւնը կը դառնայ եղբայրութեան կրող եւ խաղաղութեան ծնունդ տուող ժողովուրդներու միջեւ ինչպէս նաեւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւն։

Ֆրանչիսոս Պապ պատգամը աւարտեց գոհութիւն յայտնելով ոստիկաններուն առօրեայ աշխատանքներու համար յորդորելով զանոնք քաջութեամբ յառաջ երթալու։ Ան ապա իր օրհնութիւնը տալով բոլորին խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2022, 11:36