Որոնել

Ուքրանիա-Ռուսիա պատերազմ Ուքրանիա-Ռուսիա պատերազմ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատրաստ եմ Փութինին հետ հանդիպելու»։

Իտալական գլխաւոր պարբերականներէն մէկուն՝ Corriere della Sera-ին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ ըսած է, որ Քիեւ երթալէ առաջ կը զգայ, որ ճիշտ է Մոսկուա երթայ։

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2 Մայիսին ընդունած է Իտալական Corriere della Sera պարբերականի տնօրէն Լուչանօ Ֆոնթանան՝ Ուքրանիոյ պատերազմի առիթով հարցազրոյց տալու նպատակով։

Պատերազմի առաջին իսկ օրէն Ֆրանչիսկոս բազմաթիւ անգամներ միջամտած է և կոչեր ուղղած է պատերազմը կանգնեցնելու համար ինչպէս օրինակ Զելենսքիին հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը, կամ այցելութիւնը Սուրբ Աթոռի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանութիւն, և յատկապէս պատերազմէն 20 օր անց Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի միջոցաւ Փութինին լուր տալը, որ պատրաստ է անոր հետ հանդիպելու։

«Մենք դեռ պատասխան չենք ստացած և կը շարունակենք պնդել, չնայած մտավախութիւն ունիմ, որ Փութինը չի կրնար և չի ցանկանար այս պահին հանդիպիլ։ Բայց այս ամբողջ դաժանութիւնը ինչպէ՞ս կարելի չէ կանգնեցնել։ Քսանհինգ տարի առաջ մենք նոյն բանը ապրեցանք Ռուանտայի պարագային», շեշտած է Պապը։

Պատերազմները կը մղուին մեր արտադրած զէնքերը փորձելու համար

Սրբազան Պապը անդրադարձած է նաև պատերազմի պատճառներուն և զէնքի «առևտուրին», որ ըստ Անոր կը շարունակէ «գայթակղութիւն» ըլլալ, որուն քիչերը դէմ են։ Ֆրանչիսկոս խօսեցաւ «դիւրին զայրոյթի» մասին, «Ռուսաստանի դրան մօտ ՆԱԹՕ-ի խծբծանքէն (հաջոց)», որ ստիպեց Քրեմլը «վատ արձագանքել և սանձազերծել հակամարտութիւնը»։

Պապը տարակուսանք արտայայտած է Ուքրանիա մատակարարումներու առումով՝ ըսելով, որ «ակներև է, որ այդ հողին վրայ զէնք կը փորձարկուի։ Ռուսները հիմա գիտեն, որ հրասայլերը քիչ օգուտ կու տան, այլ բաներ կը մտածեն։ Պատերազմները կը մղուին մեր արտադրած զէնքերը փորձելու համար»: Քիչերը դէմ են այդ առևտուրներուն, փոխարէնը պէտք է աւելին ընել, ինչպէս օրինակ «երկու երեք տարի առաջ» Ճենովայէն Եմեն զէնքեր տեղափոխող շարասիւնի մեկնումը արգիլելը, աւելցուց Քահանայապետը:

Նախ՝ ուղևորութիւն Մոսկուա։

Բռնութիւններու սրացումը կանխելուն ուղղուած ջանքերու կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս նշած է, որ ներկայիս Քիեւ ուղևորութիւն չի նախատեսուիր, առաջին այցը Մոսկուա պիտի ըլլայ․ «կը զգամ, որ նախ պէտք է Մոսկուա երթամ, նախ պէտք է հանդիպիմ Փութինին. ․․․ Եթէ ​​Փութինը բանայ դուռը…». Մոսկուա հնարաւոր այցը, բացի այդ, Պապը կը դիտարկէ որպէս Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Քիրիլի հետ միասին պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ գործելու հնարաւորութիւն։

Դեռևս 15 Մարտին zoom կապի միջոցաւ վերջինիս հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս ըսած էր․ «Եղբա՛յր, մենք պետութեան ​​հոգևորականներ չենք, մենք չենք կրնար քաղաքականութեան լեզուն օգտագործել, այլ Յիսուսի, մենք նոյն Աստուծոյ սուրբ ժողովրդի հովիւներն ենք, ասոր համար մենք պէտք է խաղաղութեան ճանապարհ փնտռենք»։

Մինչդեռ 14 Յունիսին Երուսաղեմի մէջ ծրագրուած հանդիպումը պիտի ըլլար «երկրորդ դէմ առ դէմ հանդիպումը, որը ոչ մի առնչութիւն չ’ունէր պատերազմի հետ», նշած է Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2022, 12:26