Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Արուարձաններուն մէջ ձեռքերը աղտոտելը եղբայրութիւն է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ. «զօրակցութիւնը կ՝ընկերակցուի մօտիկութեամբ եւ ուրիշին հանդէպ կարեկցութեամբ»։

Վազգէն Աբարդեան -Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 25 մայիսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Global Solidarity Fund հիմնարկի անդամները փոխանցելով անոնց գրաւոր պատգամը մը ու իր սիրտին խօսքը։

Գրաւոր պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապի իր ուրախութիւնը յայտնելով հիմնարկի անդամներուն հետ դարձեալ հանդիպելուն համար նշած է թէ «հիմնարկի անունը կեդրոնացած է բանալի բառի վրայ՝ զօրակցութեան, որ է նաեւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան կարեւոր արժէքներէն մէկը ու զայն իրականացնելու համար պէտք է դա ընկերակցուի մօտիկութեան եւ ուրիշին՝ գաղթականին, աղքատին հանդէպ կարեկցութեամբ։» նշեց Սրբազան Հայրը նկատել տալով նաեւ, որ ընկերակցութեան անդամները պատկանելով տարբեր շրջանակներու միասնաբար կը գործեն՝ կեանք տալու համար ներառական տնտեսութեան, գործ հայթայթելով գաղթականներուն՝ հանդիպումի եւ լսողութեան հոգիով։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկի անդամներուն Քանատայի եւ Եւթոպիայի մէջ գաղթականներու կողմէ իրենց փոխանցած պարգեւներու համար, օրհնելով բոլորին աշխատանքները տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Ան գրաւոր պատգամը աւարտեց քաջալերելով հիմնարկի անդամները, յառաջ երթալու ու շարունակելու իրենց գործունէութիւնը տկարներու եւ գաղթականներու ի նպաստ, հայցելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Մինչ անպատրաստից պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ իրեն համար ուրախութեան պատճառ է երբ մարդիկ կը կանգնին իրենց սահմաններուն, արուարձաններուն մօտ, պարզապէս որովհետեւ Յիսուսն է որ արուարձանները գնաց, աւետարանը ցոյց տալու համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնալով գաղթականները ընկերութեան մէջ ներգրաւելու մասին, ընդգծեց թէ հարկ է գաղթականները ներառնել ու կրթել աշխատանք հայթայթելով անոնց։ Գաղթականներուն լաւ հասկնալու համար հարկ է մեր անձերուն նայիլ, որովհետեւ մեզմէ մեծամասնութիւնը գաղթականներուն զաւակները ու թոռնիկներ են ու Եւրոպայի մեծամասնութիւնը գաղթականներ են։ ըսաւ Սրբազան հայրը աւելցնելով թէ, այսօր լուրջ զարգացման համար Եւրոպան կարիքը ունի գաղթականներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ,ապա անդրադարձաւ հիմնարկի անունին, քաջալերելով հիմնարկի անդամները որոնելու տնտեսականութեան նոր ձեւ մը, դարձի բերելով տնտեսականութիւնը, փոխելով ազատ տնտեսականութիւն ժողովուրդէն կիսուած տնտեսականութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով հիմնարկի անդամները յառաջ երթալու իրենց ձեռքերը աղտոտելով ու նայելով շատ մը արուարձաններուն, Հարաւային Ասիոյ, մաս մը Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկիոյ Ան ապ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 09:43