Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պատմական գիտութիւններու քահանայապետական կոմիտէի անդամներուն

Եկեղեցւոյ պատմութիւնը հանդիպումի եւ համեմատութեան վայրն է, ուր կը զարգանայ Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ երկխօսութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 28 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ վատիկանի մէջ ընդունեց Պատմական գիտութիւններու քահանայապետական կոմիտէի անդամները, կոմիտէի տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով։

Այս առթիւ արտասանած պատգամի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կատարած աշխատանքներուն համար« երկխօսելով, համագործակցելով պատմագէտներու եւ ակադեմիական հաստատութիւններու հետ, որոնք կը փափաքին ուսանիլ ոչ միայն եկեղեցւոյ պատմութիւնը, այլ աւելի ընդարձակօրէն մարդկային պատմութիւնը, երկու հազարամեայ քրիստոնէութեան հետ յարաբերութեան ներքեւ։ » Ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով քրիստոնեայ պատմագէտին կարեւորութեան վրայ, նշեց թէ Քրիստոնէութեան պատմագէտը պէտք է ուշադիր ըլլայ՝ գաղելու տարբեր իրականութիւններուն հարստութիւնները, որոնց մէջ դարերուն հոլովոյթին, աւետարանը մարմնացաւ ու կը մարմնանայ, շնորհելով գլուխգործոցներ, որոնք կը յայտնեն սուրբ Հոգիին բեղուն գործունէութիւնը պատմութեան մէջ։ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «եկեղեցւոյ պատմութիւնը հանդիպումի եւ համեմատութեան վայրն է, ուր կը զարգանայ Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ երկխօսութիւնը։

Գիտութիւններու քահանայաետական կոմիտէն հիմնուած է ծառայելու համար Պապին, սուրբ Աթոռին եւ տեղական եկեղեցիներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի մէջ յայտնեց որ պատմական գիտութիւններու քահանայաետական կոմիտէն հիմնուած է Աստուծոյ ծառայ Պիոս ԺԲ-ի օրով, ծառայելու համար Պապին, սուրբ Աթոռին եւ տեղական եկեղեցիներուն, խթանելու համար պատմութեան ուսուցումը, որ խաղաղութեան գործարանի համար հրամայական է ու երկխօսութեան եւ շօշափելի լուծումներ կը գտնէ անհամաձայնութիւնները լուծելու ի խնդիր։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ Արեւելեան եւրոպայի առկայ կացութիւնը արգելք կը հանդիսանայ հանդիպում կատարելու Մոսկուային մէջ Ռուսիոյ ակադեմիական գիտութիւններու գործակիցներուն հետ, մաղթելով որ Քահանայապետական կոմիտէին անդամները հնարաւորութիւն գտնեն վերագտնելու եւ վերարծարծելու հասարակաց աշխատանքը, որ պիտի դառնայ թանկարժէք նպաստ, խաղաղութեան կերտման համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց նաեւ կոմիտէի անդամները ժամանած 14 երկիրներէն եւ երեք ցամաքամասերէն իրենց արտայայտութիւնը գտնեն միջ մշակութային եւ միջազգային եւ բազմամասնագիտական շրջանակներէն ներս։

Միշտ բաց գտնուիլ Փրկութեան հորիզոնին առջեւ

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց պատմական գիտութիւններու քահանայապետական կոմիտէի անդամները շարունակելու եւ յառաջ տանելու իրենց աշխատանքը, միշտ բաց գտնուելով պատմութեան փրկութեան հորիզոնին առջեւ։ « Այս հորիզոնը, նման է այն մթնոլորտին ուր մարդկային գործերը, այսպէս ըսելու «կը շնչեն» լոյս կը ստանան, բացայայտելով աւելի լայն իմաստ. Այն ինչ որ կու գայ Քրիստոսէն, որ է Տէրը եկեղեցւոյ, Տէրը մարդուն պատմութեան՝ Փրկութեան խորհուրդին ուժին մէջ։ ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա տալով իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2022, 10:41