Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Միասին աշխատիլ՝ վերակառուցելու համար կրթական դաշնագիրը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քրիստոնեայ դպրոցներուն եղբայրները» միաբանութեան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 21 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց. «Քրիստոնեայ դպրոցներուն եղբայրները» միաբանութեան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները, որոնց ուղղած պատգամի սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց միաբանութեան անդամներուն հետ հանդիպելուն համար, ապա անդրադառնալով միաբանութեան ընդհանուր ժողովին նիւթին«Կառուցել նոր ուղիներ կեանքերը փոխակերպելու համար» մատնանշեց թէ «նոր ուղին Յիսուսի ճանապարհն է, հետեւելով ու քալելով Անոր հետ, մեր կեանքը կը փոխուի ու կը դառնանք թթխմոր, աղ եւ լոյս։ Սուրբ Յովհաննէս Պաթիսթա Տէ Լա Սալի շնորհապարգեւին համաձայն, նոր ուղիները նախ եւ առաջ կրթութեան դասընթացքները են իրականացնելու համար աշխարհի 100 երկիրներու մէջ մատակարարած ձեր դպրոցներու ու համալսարաններու մէջ»։ ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ կրթիչներուն, ծնողներուն յատուկէն պատանիներուն եւ երիտասարդներու հետ մշտական յարաբերութիւնը կենդանի մարդկութեան աղբիւր է, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու խնդիրներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց կրթական աշխարհին մէջ գոյացած մարտահրաւէրներուն, նկատել տալով որ «մեր ժամանակակից երկու մարտահրաւէրները՝ եղբայրութեան մարտահրաւէրը, հասարակաց տան խնամքի մարտահրաւէրը, չեն կրնայ իրենց պատասխանը գտնել առանց կրթութեան միջոցաւ։ Երկու մարտահրաւէրներն ալ կրթական տագնապներ են, ըսաւ Սրբազան հայրը ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, «որովհետեւ քրիստոնեայ հասարակութիւնը գիտակից է եւ յանձնառու այս աշխատանքին մէջ, կառուցելով նոր ուղիներ փոխակերպելու համար կեանք ապրելակերպը։»

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը ընդգծելով, որ բարի աշխատաւորներ ըլլալու համար չպէտք է անտեսել մեր անձերը, չենք կարող երիտասարդներուն տալ այն ինչ որ չ՝ունինք մեր մէջ։ «Քրիստոնեայ դաստիարակը, Քրիստոսի դպրոցին մէջ, նախ եւ առաջ վկայ է ապա ուսուցիչ այնքանով որ վկայ է։»

Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովուելէ ետք միաբանութեան անդամներուն, քաջալերեց զանոնք ուրախութեամբ աւետարանել՝ կրթելով ու կրթել աւետարանելով։ Ապա տալով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2022, 10:34