Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Մոնկոլիայի Պուտիսթներուն. «Մարդկութիւնը խաղաղութեան առաջնորդենք երկխօսութեան միջոցաւ»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Մոնկոլիայի Պուտիսթներու պատուիրակութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 28 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մոնկոլիայի Պուտիսթներու պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ Ուլանպարի առաքելական կառավարիչ գերապայծառ Ճորճօ Մարենկոյի։

Պուտիսթներուն փոխանցած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Վատիկան կատարած առաջին այցելութեան համար՝ խորացնելու համար կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ բարեկամական կապերը ու խթանելու փոխադարձ գործակցութիւնը ու ըմբռնումը՝ խաղաղ ընկերութեան կերտման ի խնդիր։

Մոնկոլիայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական կապերու 30 ամեակը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա գեղեցիկ առիթ նկատեց սոյն այցելութիւնը, որովհետեւ ընթացքիկ տարուան մէջ կը նշուի Մոնկոլիայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական կապերու 30 ամեակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ՝ զրուեց խաղաղութեան մասին նկատելով տալով, որ անիկա մարդկութեան բուռն շունչն է ու հրատապ է զարգացնել խաղաղութեան մշակոյթ մը։

 Յաղթանակը իր ետին կը ձգէ ատելութիւն, որովհետեւ յաղթուածը կը տառապի։

Սրբազան Հայրը ապա նշեց, թէ Յիսուս եւ Պուտտան խաղաղութեան կերտողներ եղան եւ ոչ թէ բռնութեան խթանողները։ « Յիսուս ապրեցաւ բռնութեան ժամանակահատուածներ։ Ան սորվեցուց, որ իսկական պատերազմի դաշտը, ուր  բախումներ տեղի կ՝ունենան բռնութեան եւ խաղաղութեան համար՝ Մարդկային սիրտն է։ Յիսուսի իսկական աշակերտներ ըլլալու համար կը նշանակէ մաս կազմել Անոր ոչ բռնութեան առաջարկին։» ըսաւ Սրբազան հայրը ընդգծելով նաեւ, որ Պուտային կեդրոնական պատգամը նաեւ ոչ բռնութեան եւ խաղաղութեան պատգամն է։ Ան սորվեցուց, թէ յաղթանակը իր ետին կը ձգէ ատելութիւն, որովհետեւ յաղթուածը կը տառապի։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ պատերազմներով բնորոշուած աշխարհին մէջ իբրեւ կրօնապետեր՝ հիմնուած կրօնական վարդապետութիւններուն վրայ պարտականութիւնը ունին մարդկութեան մէջ հրահրելու՝ բռնութենէն հրաժարելու կամքը եւ կառուցելու խաղաղութեան մշակոյթ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար, յուսալով նաեւ որ Պուտիսթներու Հռոմ կատարած արձակուրդը ուրախ ու գեղեցիկ փորձառութիւններուն այցելութիւնը ըլլայ, իր վստահութիւնը յայտնելով նաեւ Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան անդամներու եւ Պուտիսթներու պատուիրակութեան միջեւ հանդիպումը առիթ հանդիսանայ ուղիներ բացայայտելու՝ խթանելու համար Մոնկոլիայի մէջ Պուտիսթներու եւ Քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2022, 12:39