Որոնել

1651916901128.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Այսօր աւելի շատ ստրուկներ կան քան անցեալին մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Մերսչետարի Սուրբ Կոյս Մարիամ միաբանութեան անդամներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 7 մայիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մերսչետարի Սուրբ Կոյս Մարիամ միաբանութեան անդամները, իրենց տարեկան ընդհանուր նիստի առիթով։

Չէ կարելի Քրիստոսի հետեւիլ առանց ծառայելու

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները, անդրադարձաւ վերոյիշեալ միաբանութեան ընդհանուր նիստի նիւթին՝ «կատարեցէք այն ինչ որ կը խնդրէ»։ «Սա իմաստալից նիւթ մըն է որովհետեւ կը պարունակէ ձեր կողմէ ընծայուած ծառայութեան իմաստը, եւ մենք կրօնաւորներս չենք մոռնար թէ չէ կարելի հետեւիլ առանց ծառայութեան խաչին։

Այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ Տիրամայրը այսօր՝ Միաբանութեան անդամներէն կը խնդրէ ,որ միշտ ունկնդրեն ու այս մասին օրինակ ներկայացուց քաղել Կանային հարսանիքը, ուր գինի կը պակսի»։

Նորին սրբութիւնը նշեց, թէ այս աշխարհին, եկեղեցւոյ եւ միաբանութեան մէջ ականատես կ՝ըլլանք շատ մը բաներուն, որոնց մէջ կը կը խօսուի պակասութեան մասին, պակասութիւն յոյսի, լուծումներուն, սակայն Տիրամայր այդ մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ յորդորելով ունկնդրել ու անսալ Յիսուսի խօսքերը։

Ունկնդրել Աստուծոյ խօսքը

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ նախ եւ առաջ միշտ պէտք է ունկնդրել Աստուծոյ խօսքը, որ կը խօսի եղբայրներու եւ հանգամանքներուն միջոցաւ նկատել տալով որ Կանային հարսանիքին ուր գինին պակսեցաւ, առաքեալները երբեք չէին սպասէր, որ Յիսուսը ըսէր այդպիսի խօսքերը։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ գինիի թակոյկները, որոնց վստահ պէտքը կար հարսանիքին սկիզբը, հրաւէր է վերադառնալու առաջին սէրին, վերագտնելու անմեղ յոյսի կեցուածքներուն՝ կրօնաւորական կեանքի առաջի տարիներուն։ ու պարապ թակոյկները պէտք են դարձեալ լեցուին միեւնոյն խանդավառութեամբ որոնք լեցուեցան հարսանիքին սկիզբը։ «Տէրը մեզմէ կը խնդրէ վերստին սկսիլ անանց յուսալքուելու, սա բան մըն է որ Յիսուս կը կրկնէ աւետարանին մէջ երբ կը տեսնէ, որ Պետրոսը ցանցերը դարձեալ ծով կը նետէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց սիրտերը բանալ ընդունելու համար անակնկալը, որ Յիսուս կը բերէ, յորդորեց Ունկնդրել Մարիամին ձայնը եւ անակնկալի չմատնուիլ այդ ձայնէն, որ կը հրաւիրէ թակոյկները վերստին լեցնելու ինչպէս նաեւ սպառելու ուժերը շօշափելի ծառայութեան մէջ, պարզ ծառայութիւն մը, որ սեղանապետին ծրագիրներուն համաձայն անօգտակար ծառայութիւն մըն է, սակայն հիմնական՝ ճանչնալու համար գործը, որ մերը չէ, այլ Աստուծոյ։

Այսօր կան աւելի ստրուկներ քան անցեալին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց մնալ Մարիամին քով, որ կանգնած է Խաչին վրայ գամուած Քրիստոսին ոտքերուն տակ, աղքատին եւ բանտարկեալին տառապող մարմինին մէջ

«Այսօր նաեւ գոյութիւն ունին բանտարկեալներ, ինչպէս միշտ, կը փոխեն աշխարհագրութիւնը, գոյնը, եւ ձեւերը, սակայն ստրկութիvնը իրականութիւն մըն է որ միշտ աւելիով կը համապատասխանէ։ Միշտ աւելի ու աւելի բազմազանութեամբ։ Թերեւս, առանց սխալելու, կրնանք ըսել, որ այսօր կան աւելի ստրուկներ, քան ձեր հիմնադրման ժամանակը։Եւ սա պէտք է ըլլայ մարտահրաւէրը ի յարկ է ձեր պատասխանին։ Նոր ստրկութիւնները, քօղարկուածները, անյայտները, եւ թաքնուածները, շատ են։ Նաեւ մեծ քաղաքներուն մէջ ինչպէս Հռոմի, Լոնտոնի, Փարիզի մէջ ում ամենուրէք, կան ստրկութիւններ, որոնք յառաջ կ՝ընթանան, փնտռեցէք զանոնք եւ Տիրոջ հարցուցէք, թէ ինչ կարելի է ընել» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով միաբանութեան կատարած գործերու համար ու խնդրելով որ որոնեն ժամանակից ստրուկները ու չմոռնան աղօթել իրեն համար։ Շնորհակալութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2022, 12:30