Որոնել

Թեքսասի մէջ ողբերգական արարք Թեքսասի մէջ ողբերգական արարք 

Ֆրանչիսկոս Պապ Թեքսասի մէջ տխուր ողբերգութեան ի տես.«Ժամանակն է բաւ է ըսելու զէնքի անխտիր վաճառականութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 25 մայիսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը անդրադառնալով Թեքսասի հարաւային շրջանի դպրոցի մը մէջ 13 աշակերտներու սպանութեան տխուր լուրին, իր ցաւը յայտնեց ու կոչ ուղղեց զէնքերու վաճառականութեան դէմ։

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

«Սիրտս կտոր կտոր է Թեքսասի նախակրթարան դպրոցէն ներս տեղի ունեցած կոտորածին համար։ Կ՝աղօթեմ մանուկներուն համար ինչպէս նաեւ սպաննուած չափահասներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով, որ «ժամանակն է բաւ է ըսելու զէնքերու անխտիր վաճառականութեան։ Յանձնառու ըլլանք բոլորս որպէսզի այդպիսի ողբերգութիւններ այլեւս տեղի չունենան»։

Կոչէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջոյնի խօսք ուղղեց տարեցներուն, հիւանդներուն, երիտասարդներուն ու նորապսակներուն, անդրադարձ կատարելով Տիրոջ Համբարձման տօնին. «Յիսուս Քրիստոսը Համբառնալով երկինք ձգեց պատգամ մը ու յայտագիր մը համայն եկեղեցւոյ «Գացէք ուրեմն եւ աշակերտեցէք բոլոր ժողովուրդներուն... սորվեցնելով անոնց պահպանել այն ինչ, որ ձեզի պատուիրեցի» (Մատթէոս 28, 19-20), ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով, որ «Քրիստոսի խօսքը ճանչցնելը եւ զայն ուրախութեամբ վկայելը դառնայ իւրաքանչիւրին իտէալն ու յանձնառումը, կեանքի համապատասխան պայմաններուն մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 10:46