Որոնել

st-peters-basilica-2875093.jpg

Ոչ քահանայ կրօնաւոր մը կարող է դառնալ կրօնական միաբանութեան մեծաւոր

Անցեալ 11 Փետրուարին Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհելով Նուիրեալ Կեանքի Ժողովի պատասխանատուներուն զանոնք լիազօրած էր «հայեցողութեամբ եւ յատուկ դէպքերու պարագային քննելու» այս հնարաւորութիւնը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Այսօրուընէ ի զօրու է Սրբազան Քահանայապետին հրամանով ներմուծուած նոր օրէնք մը որով քահանայական ձեռնադրութիւնը չստացած կրօնաւոր եղբայր մը կարող է դառնալ Քահանայապետական իրաւասութեամբ վանքի կամ միաբանութեան մեծաւոր։

Անցեալ 11 Փետրուարին Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհելով Նուիրեալ Կեանքի Ժողովի պատասխանատուներուն զանոնք լիազօրած էր «հայեցողութեամբ եւ յատուկ դէպքերու պարագային քննելու» այս հնարաւորութիւնը։

Քահանայապետական հրամանագիրը կազմուած է չորս յօդուածներէ, որոնք կը սահմանեն տարբեր աստիճաններու լիազօրութիւնները, ուր ապա նշուած է թէ վերջին վճիռը կը մնայ Նուիրեալ Կեանքի հաստատութիւններու եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններու Ժողովին` որուն «իրաւունք վերապահուած է գնահատելու առանձին դէպքը և Գերագոյն Մոտերաթորի կամ Ընդհանուր Վարչութեան ներկայացուցած պատճառները»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2022, 12:39