Որոնել

Քահանայապետին 2021-ի հանդիպումը Սքոլասի աշակերտներուն հետ Քահանայապետին 2021-ի հանդիպումը Սքոլասի աշակերտներուն հետ 

Քահանայապետի հրամանագիրով «Սքոլաս Օքուրէնդէսը» դարձաւ միջազգային բնոյթով հաւատացեալներու ընկերակցութիւն

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ստորագրութիւնը կրող հրամանագիր մը սահմանեց Քահանայապետական Հիմնարկի նոր իրաւական բնոյթը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

«Քահանայապետական Սքոլաս Օքուրէնդէս հիմնադրամի, միշտ աւելի լայնածաւալ բարեգործական գործունէութիւնը, որպէս հասարակութիւն եւ միջազգային բնոյթ ունեցող կրթական շարժում, այսօր` ի տես նոր իրականութեան կը պահանջէ իրաւական համապատասխան ձեւ մը»։ Այս կը կարդանք Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը կրող հրամանագիրին մէջ, որ կը կրէ 19 մարտ 2022 թուականը, Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր ծիսական տօնին օրը, որով Սքոլաս Օքուրէնդէսը կը ճանչցուի` որպէս միջազգային բնոյթ ունեցող կրթական շարժում մը, կարգաւորուած կանոնադրութիւններով, որոնք վաւերացուեցան քահանայապետական հրամանագիրով, որուն մաս կը կազմեն անոնք։

Սքոլաս Օքուրէնդէսը ծնունդ առաւ Պուէնըս Այրէսի մէջ այդ ժամանակուայ Պուէնըս Այրէսի Կարդինալ` Մարիօ Պերկոլիոյի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած “Escuelas de vecinos” եւ “Escuelas hermanas” ծրագիրներէն։ Ան ապա տարածուեցաւ համայն աշխարհ եւ ամրապնդուեցաւ որպէս Քահանայապետական իրաւասութեամբ հիմնադրամ`15 օգոստոս 2015 -ին։

Քահանայապետին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ

Յառաջիկայ 19 մայիս 2022-ին Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ պիտի տայ Սքոլաս Օքուրէնդէսի միջազգային կրթական շարժումին եւ այս պիտի ընէ Ուրպանիան համալսարանին մէջ նախատեսուած երիտասարդներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նոյն օրուայ կէսօրէն ետք ժամը չորսին։

Հանդիպման պիտի մասնակցին նաեւ արուեստի, մարզանքի ու արհեստագիտութեան աշխարհի անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ տարբեր երկիներու քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ ուր կը գործէ Սքոլաս Օքուրէնդէսը։

Հանդիպումին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի դասախօսէ եւ բացումը պիտի կատարէ «Laudato Si» դպրոցին, որուն պիտի մասնակցին Արժանթինէն, Պոլիվիայէն, Պրազիլէն, Չիլիէն, Քոլոմպիայէն, Սպանիայէն, Հայիթիէն, Իտալիայէն, Մեքսիքոյէն, Փանամայէն, Փարակուէյէն եւ Փորթուկալէն 50 աշակերտներ, որոնք ապա մէկ տարուայ տեւողութեամբ իրենց հասարակութիւններուն համար պիտի ծաւալեն ընկերա-բնապահպանական ազդեցութեամբ յատուկ ծրագիրներ։

Դպրոցին դասախօսներու մաս կը կազմէ նաեւ աշխարհահռչակ U2 նուագախումբի ղեկավարը Պոնօ Վոքս մինչ հանդիպման աւարտին պիտի հռչակուին Սքոլասին զանազան գործունէութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2022, 18:00