Որոնել

1651918103062.JPG

«Աւետարանը եւ եկեղեցական աւանդութիւնը մեզ կը կոչեն ըլլալու միացած էականին շուրջ». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Կարելի չէ Աստուծոյ պաշտամունք կատարել ու միեւնոյն ժամանակ ծիսակատարութիւնը դարձնել պատերազմի դաշտ, ոչ էական հարցերու համար» ըսաւ Սրբազան Պապը հանդիպելով Սանդ Անսելմօ Ծիսական Քահանայապետական ինստիտուտի անդմաներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սանդ Անսելմօ Ծիսական Քահանայապետական ինստիտուտի հիմնադրութեան 60 ամեակին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը շաբաթ 7 մայիսի առաւօտեան ունկնդրութիւն շնորհեց կաճառի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին։

Յիշելով կաճառի հիմնադրութեան վաթսուն ամեակը, Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց անոր առաքելութիւնը ծիսական կեանքի կազմաւորման ծիրէն ներս եւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովէն ի յայտ եկած վերանորոգումի ուղիով անոր ի գործ դրած չափանիշերը, զոր Սրբազան Պապը եզրակացուց երեք կէտերու մէջ. Առաջինը Ծիսակատարութեան գործնական ու պտղաբեր մասնակցութիւնը, երկրորդ` եկեղեցական հաղորդութիւնը ոգեւորուած Սուրբ Հաղորդութեան եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդներու մատակարարումով, ապա աւետարանական առաքելութեան մղումը՝ սկսեալ ծիսական կեանքէն, որ կը ներառէ բոլոր մկրտուածները:

Մուտք գործել ծէսի հոգիին մէջ

«Քահանայապետական ծիսական կաճարը ի սպաս է այս երեք կարիքներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մէկիկ մէկիկ բացատրութիւններ տալով անոնց մասին ու միջի այլոց նշելով` որ «բանալին կը կայանայ մարդիկը դաստիարակել որպէսզի կարենան մուտք գործել ծէսի հոգիին մէջ»։

«Ծէսը, ծիսակատարութիւնը արհեստ մը չէ, անիկա ապրում է, Քրիստոսին խորհուրդն է» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով կաճառի այս ուղղութեամբ այսինքն կազմաւորումի ուղղութեամբ տարած աշխատանքին ու հաստատելով նաեւ որ «իւրաքանչիւր ծիսակատարութիւն կ՛աւարտի միշտ առաքելութեամբ»։

Ծէսը աղօթքին մէջ ապրում է

«Ծէսին մէջ մեր ապրածը մեզ կը մղէ դուրս ելլելու եւ հանդիպելու ուրիշներուն, մեզ շրջապատող աշխարհին...։ Այս մէկը կը սկսի եւ կը հիմնուի աղօթքին վրայ, մասնաւորապէս ծիսական աղօթքին վրայ, որ մեզ կը բանայ երկխօսութեան, հանդիպումին, համամիութենական հոգիին, հիւրընկալութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ «ծիսական կեանքը եւ անոր ուսումնասիրութիւնը պէտք է առաջնորդեն եկեղեցական աւելի մեծ միութեան, ոչ թէ բաժանումի։ Երբ ծէսը կը դառնայ բաժանումի դրօշ, այնտեղ կայ սատանային հոտը, խաբեբան։ Կարելի չէ Աստուծոյ պաշտամունք կատարել ու միեւնոյն ժամանակ ծիսակատարութիւնը դարձնել պատերազմի դաշտ, ոչ էական հարցերու համար»։

Միացած էականին շուրջ

«Աւետարանը եւ Եկեղեցական աւանդութիւնը մեզ կը կոչեն ըլլալու միացած էականին շուրջ, եւ կիսելու արդար տարբերութիւնները Սուրբ Հոգիի ներդաշնակութեան մէջ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յղում կատարելով դարձեալ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ուսուցումներուն ու հաստատելով, որ «Եկեղեցին այսօր եւս կարիքը ունի ծիսական ապրումին։ Տիեզերական Ժողովին հայրերը մեծ աշխատանք տարին այդ ուղղութեամբ ու մենք պէտք է շարունակենք այդ կազմաւորումի պարտականութիւնը»։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը առաքեալներուն հետ միասին կ՜աղօթէին, Հացը կը բեկանէին եւ բոլորին հետ գթութիւնը կ՜ապրէին։ Անոնց բարեխօսութեամբ թող` որ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը, այսօր եւ յաւէտ ներկայ դարձնէ այս քրիստոնեայ կեանքին տիպարը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն անոնց Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեան համար ու քաջալերելով զանոնք յառաջ տանելու զայն Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2022, 12:45