Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Սքոլաս Օքուրենթեսին. «Փրկել մոլորակը շնորհիւ բանաստեղծութեան եւ կանանց քաջութեամբ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց «Գովեալ Ըլլաս» դպրոցին առաջին դասախօսութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 19 մայիսին, Հռոմի Ուրպանիա քահանայապետական համալսարանի մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը բացումը կատարեց Սքոլաս Օքուրենթեսի քահանայապետական հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած «Գովեալ Ըլլաս» դպրոցին բացումի առաջին դասախօսութեան, դպրոց մը, որ կը ներառէ տարբեր երկիրներէ երիտասարդներ, որոնք ներգրաւուած են հասարակաց տան խնամքի մէջ։

Կայնայք ունին կեանք պարգեւելու ու բնութիւնը պաշտպանելու կոչումը

Գովեալ ըլլաս դպրոցին առաջին դասախօսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին արուեստի, երաժշտութեան, մարզանքի եւ արհեստավարժութեան մարզերէն ներս հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ,ինչպէս նաեւ Սքոլաս Օքուրենթեսի ծրագրին մաս կազմող տարբեր երկիրներու, քաղաքացիական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ ու աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած 50 աշակերտներ, որոնք մէկ տարին պիտի զբաղին հասարակաց տան խնամքով ծրագրելով նաեւ իրենց հասարակութիւններէն ներս ընկերային եւ շրջակայ միջավայրին վրայ ազդեցութիւն ունեցող ծրագիրներ։

Գովեալ Ըլլաս դպրոցին բացումին ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով ներկաներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն զրուցեց իգական սեռի կարեւորութեան մասին՝ աշխարհը փոխելու մէջ, նշելով թէ կանայք ունին բնական պարգեւ մը իրողութիւնները փոխելու մէջ ու Սուրբ Գիրքին ծննդոց գիրքին մէջ նշուած ծառի օրէն սկսեալ կանայք դարձած են դերակատարներ, որոնք ունին կոչումը կեանքը պարգեւելու, բնութիւնը պաշտպանելու։

Հրամայական է բանաստեղծութիւնն ու քաջութիւնը

ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ նկատել տուաւ, որ Գովեալ ըլլաս շրջաբերականը հասկնալ կարենալու համար հրամայական են բանաստեղծութիւնն ու քաջութիւնը եւ բանաստեղծութեան մէջ կեանքը չէ կարելի սորվիլ գիրքերէն այլ աշխատանքով եւ բնութեան խորհրդածութեամբ եւ Սքոլաս Օքուրենթեսը ունի կարողութիւնը բանաստեղծութիւն եւ փոփոխութիւն ստեղծելու։

Յայտնենք թէ Սքոլաս Օքուրենթես կրթական քահանայապետական կազմակերպութիւնը, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին հրամանագիրով ստացած է իրաւական նոր կարգավիճակ մը, դառնալով միջազգային գետնի վրայ հաւատացեալներու ընկերակցութիւնը մը որ կը ներգործէ կրթական, բարեսիրական գործունէութիւններու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 09:57