Որոնել

Երանելի Սքալապրին Երանելի Սքալապրին 

Սուրբ պիտի հռչակուի գաղթականներուն առաքեալը երանելի Ճովաննի Պաթիսթա Սքալապրինի։

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնեց հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունելով սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարելլօ Սեմերարոն արտօնութիւնը շնորհեց հրապարակելու նոր սուրբի եւ երանելիի մը ինչպէս նաեւ եօթը Աստուծոյ ծառաներու վերաբերող հրամանագիրերը։

Սուրբ Պիտի հռչակուի գերապայծառ Ճովաննի Պաթիսթա Սքալապրինին

Սուրբ Պիտի հռչակուի գերապայծառ Ճովաննի Պաթիսթա Սքալապրինին։ Ան եղած է Փիաչենցա թեմի եպիսկոպոսը ու հիմնադիրը եղած Սուրբ Քարլոյին միսիոնարներու միաբանութիւնը նուիրուած գաղթականներու ծառայութեան։

Երանելի պիտի հռչակուի Աստուծոյ աղախին Մարիա Տէ Լա Քոնսեփսիոն

Երանելի պիտի հռչակուի Աստուծոյ աղախին Մարիա Տէ Լա Քոնսեփսիոն Պարէքէկուրեն ի Կարսի։ Ան եղած Սպանազի աշխարականուհի ու վախճանած է 22 տարեկանին առանց զգեստնելու կրօանւորակն հագուստը։ Քոյր Մարիային բարեխօսութեամբ տեղի ունեցած է երկու տարեկան փոքր մանուկի բուժումը 2014 թուականին։

Աստուծոյ ծառաներ ու աղախիններ

Աստուծոյ ծառայ ու աղախին պիտի հռչակուին հինգ այր մարդեր եւ երկու կիներ, որոնցմէ մին է աշխարականուհի Լեհ Ճովաննա Վոյնարովսքա, որ եղած է հիւանդապահուհի։ Ան ունենալով ամուր հաւատք նուիրուած է աշխարական հաստատութեան մը , որուն երդման արարողութիւնը տեղի ունեցած է ձեռամբ այն ժամանակուան արքեպիսկոպոս Քարոլ Վոթիլայի։

Աստուծոյ ծառաներու շարքին են, Արք. Ֆիլիփօ Պասթիտա (1914-1988)։ Իտալացի եպիսկոպոս Լուիճի Սոտօ (1811-1895), Սպանացի վարդապետ Ճուզէփէ Թորես Փատիլլա, (1811-1878), Իտալացի վարդապետ Ճամբիեթրօ Տի Սէսթօ Սան Ճովաննի, (1868-1913), Իտալացի վարդապետ Ալֆրէտօ Մորկանթի (1886-1969), Մեքսիքացի կրօնաւորուհին Մարիանա Տէլլա Սանթիսիմա Թրինիթա։ (1854-1933)
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2022, 13:34