Որոնել

1652696304658.JPG

«Հանդիպում, խորհրդածութիւն եւ գործունէութիւն. Այս է քրիստոնեայ իմաստով քաղաքականութեան օրակարգը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ընդունեց «Chemin Neuf» քաղաքական եղբայրութիւնը` որուն մաս կը կազմեն ամէն լեզուի եւ մշակոյթի պատկան մարդիկ, կիներ, պսակուած զոյգեր, տարբեր քրիստոնեայ դաւանանքներու անդամներ, որոնք յանձնառու են ապրելու աղօթքի կեանք մը, ապա իրար միջեւ եղբայրութիւնը, վկայելով Աստուծոյ իրենց կեանքին մէջ իրագործած ծրագիրը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 16 մայիս 2022-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց «Chemin Neuf» քաղաքական եղբայրութեան անդամներուն։

«Chemin Neuf» քաղաքական եղբայրութիւնը

Եղբայրութեան պատմութիւնը սկսած է 1972 թուականին Յիսուսեան միաբան Լորան Ֆապրի յղացումով, որ ներշնչում քաղած էր այդ տարիներուն ծաւալով Խարիզմաթիք վերանորոգումի շարժումէն։

Եղբայրութեան մաս կը կազմեն ամէն լեզուի եւ մշակոյթի պատկան մարդիկ, կիներ, պսակուած զոյգեր, տարբեր քրիստոնեայ դաւանանքներու անդամներ, որոնք յանձնառու են ապրելու աղօթքի կեանք մը ապա իրար միջեւ եղբայրութիւնը, վկայելով Աստուծոյ իրենց կեանքին մէջ իրագործած ծրագիրը։ Այս կ՛ընեն աշխատելով նաեւ ի ծառայութիւն եկեղեցւոյ։

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը

Ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց Քաղաքական Եղբայրութեան անդամներուն Պուտբեշտի մէջ կայացած «Changemakers» ձեռնարկին մասնակցութեան, որուն ընթացքին «ունեցաք հանդիպումի, կազմաւորումի եւ գործունէութեան պահեր», ի գործ դնելով «քաղաքականութեան իսկական իմաստը, յատկապէս քրիստոնեաներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը, հաստատելով, որ քաղաքականութիւնը հանդիպում է, խորհրդածութիւն է, գործունէութիւն է։

Քաղաքականութիւնը հանդիպում

«Քաղաքականութիւնը նախ եւ առաջ հանդիպումի արուեստ է» ըսաւ Քահանայապետը, հանդիպում` որ կ՜ապրուի ընկալելով միւսը եւ ընդունելով անոր տարբերութիւնը, յարգելի երկխօսութեան մը մէջ։

«Սակայն որպէս քրիստոնեաներ Աւետարանը մեզմէ կը պահանջէ նաեւ սիրել թշնամիները» յարեց ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ կոչուած ենք քաղաքական հանդիպումը ապրելու` որպէս եղբայրական հանդիպում, եւ ոչ թէ «մակերեսային երկխօսութեամբ»։

Քաղաքականութիւնը` խորհրդածութիւն

«Հարկաւոր է սրտի փոփոխութիւն մը, որպէսի քաղաքականութիւնը չի վերածուի լոկ բռնի համեմատութեան մը, ուր իւրաքանչիւրս կ՛ուզէ իր մտքերը կիրառել, փնտռելով անձնական շահեր փոխան հասարակաց բարիքին» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը խօսելով նաեւ քաղաքականութեան մասին, որպէս խորհրդածութիւն` այսինքն միասնական ծրագիրի մը իրագործումը` որուն նպատակը ըլլայ ընդհանուր բարիքը։

Աւետարանը որպէս ուղեցոյց

«Այս ուղղութեամբ մեր ուղեցոյցն է Աւետարանը, որ աշխարհին կը բերէ դրական խոր տեսութիւն մը մարդուն նկատմամբ որ սիրուած է Աստուծմէ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ակնարկեց քաղաքականութեան` որպէս գործունէութիւն ու այս ծիրէն ներս գոհունակութիւնն յայտնեց Եղբայրութեան իրականացուցած աշխատանքին համար քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալու ու մասնաւորապէս շարունակելու իրենց յանձնառումը ի նպաստ գաղթականներուն եւ բնապահպանութեան։

Քրիստոնէական քաղաքականութիւնը

«Հանդիպում, խորհրդածութիւն եւ գործունէութիւն այս է քրիստոնեայ իմաստով քաղաքականութեան օրակարգը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով նաեւ աղօթքի կարեւորութեան ու Սուրբ Հոգիի ձայնի ունկնդրութեան, որով ըսաւ Ան «հասարակաց բարիքին նկատմամբ ձեր հոգատարութիւնը կը ստանայ ներքին շատ զօրեղ ուժ մը»։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները եւ խնդրելով, որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2022, 11:40