Որոնել

1652857707734.JPG

«Շարլ Տը Ֆուքոն մեր ժամանակներու մարգարէ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Շարլ Տը Ֆուքոյի հոգեւոր ընտանիքի ընկերակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 Մայիսի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային ունկնդրութիւնէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Շարլ Տը Ֆուքոյի հոգեւոր ընտանիքի ընկերակցութեան անդամներուն, Շարլ Տը Ֆուքոյի անցեալ կիրակի օր սրբադասումէն երեք օրեր ետք։

Քրիստոնէական հաւատքին էականութիւնը եւ  տիեզերականութիւնը

Քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնելով այդ սրբադասման համար Եղբայր Շարլը ներկայացուց- որպէս «մեր ժամանակներու մարգարէ մը, որ գիտցաւ ի լոյս ընծայել հաւատքին էականութիւնը եւ անոր տիեզերականութիւնը»։

Խօսելով էականութեան մասին Քահանայապետը դիտել տուաւ, թէ այդ կը նշանակէ հաւատքը պարփակել երկու պարզ բառերու մէջ «Յիսուս- Սէր» եւ մասնաւորապէս վերադառնալ սկզբնական հոգիին` Նազարէթի հոգիին։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ ներկաները եւս հետեւելով եղբայր Շարլին շարունակեն նմանիլ Յիսուսին, որ կը քալէ մարդոց մէջ, խոնարհութեամբ ու բաժնեկցութեան հոգիով։

Աստուած առաջնահերթութիւն կու տայ սիրոյն

Շար Տը Ֆուքոն գրած է` թէ «մինչ մենք մղուած ենք առաջին կարգին վրայ դասել մեր գործերը, որոնց հետեւանքները տեսանելի եւ շօշափելի են, Աստուած առաջնահերթութիւն կու տայ սիրոյն, ապա սէրէն ներշնչուած զոհաբերումին եւ հնազանդութեան` որ կը բխի սէրէն»։ «Այս է էականը», ըսաւ Սրբազան Պապը, հաստատելով, որ «մենք եւս` որպէս եկեղեցի, պէտք է վերադառնանք էականին»։

Բարութեան առաքելութիւնը

Ակնարկելով հուսկ տիեզերականութեան Սրբազան Պապը նշեց, թէ Սուրբը իր քրիստոնէական էութիւնը ապրեցաւ, որպէս բոլորին եղբայր։ Ան նպատակ չունէր միւսները դարձի բերելու այլ Աստուծոյ ձրի սէրը ապրելու, ի գործ դնելով բարութեան առաքելութիւնը։ «Եւ այս ընելու համար ան բացաւ իր տան դռները բոլորին առջեւ» ըսաւ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտներով ներկաներուն, որ յառաջ կը տանին անոր այդ վկայութիւնը։

Ճառի աւարտին Քահանայապետը ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել նոր սուրբին, նշելով` որ Անոր հոգեւորականութիւնը իրեն մեծապէս օգնած է երբ ինք աստուածաբանութիւն կ՛ուսանէր եւ օգնեց, որ ինք կարողանայ յաղթահարել տագնապները եւ վերագտնել քրիստոնէութեան պարզ ճանապարհը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ բոլորին մաղթեց բարի առաքելութիւն, օրհնեց զանոնք ու խնդրեց, որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2022, 09:10