Որոնել

Senza-titolo-11.png

Հայր Միքայէլ Պասալէ` Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան Առաքելական Կառավարիչ

Հայ Միքայէլը ծնած է Հալէպ` 16 յունուար 1969-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 21 դեկտեմբեր 1997-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրամանով Զմմառու միաբանութեան անդամ եւ մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներու Պելմոնթի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Միքայէլ Պասալէ անուանուեցաւ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդութեան Առաքելական Կառավարիչ։

Հայր Միքայէլը ծնած է Հալէպ` 16 յունուար 1969-ին։ Նախնական ուսմունքները կատարած է իր ծննդավայրին մէջ ապա 1986/1987 տարեշրջանին յաճախած է Հալէպի Զմմառու միաբանութեան փոքր նորընծայարանը, որմէ ետք փոխադրուած է Լիբանան` Զմմառու վանք ուր աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսմունքները մեկնած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան, ուր երկու տարի մնալէ ետք դարձեալ վերադարձած է Լիբանան ու աւարտած Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական  ուսմունքները։

Քահանայ ձեռնադրուած է 21 դեկտեմբեր 1997-ին։ Ծառայած է տարբեր առաքելական վայրերուն մէջ, ինչպէս Լիբանան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսաստան` ուր վերակազմակերպած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, հուսկ երկար տարիներ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ռատիօ վատիկան – Վատիկան Նիուզ հայկական բաժնի անձնակազմը շնորհաւորելով սիրելի Հայր Միքայէլին այս նոր պաշտօնի վրայ անուանումը անոր կը մաղթէ բեղուն առաքելութիւն եւ յաջողութիւններ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2022, 12:20