Որոնել

Խաղաղութեան նոր ուղի Հարաւային Սուտանի համա Խաղաղութեան նոր ուղի Հարաւային Սուտանի համա 

Խաղաղութեան նոր ուղի Հարաւային Սուտանի համար։

Քահանայապետին, Քանթերպուրրիի առաջնորդին եւ Սքովտիոյ եկեղեցւոյ ղեկավարին միատեղ պատգամը` Հարաւային Սուտանի քաղաքական առաջնորդներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Զատկական այս ժամանակաշրջանին ձեզի կը գրենք ձեր հետ կիսելու համար մեր ուրախութիւնը մինչ կը տօնախմբենք Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնը, որ մեզի ցոյց կու տայ թէ նոր կեանք մը կարելի է. Անիկա ներումի եւ ազատութեան ճանապարհն է, որ մեզի թոյլ կու տայ խոնարհութեամբ տեսնելու Աստուած մէկը միւսին մէջ, նաեւ մեր թշնամիներուն մէջ»։ Այսպէս կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Քանթերոպուրրի առաջնորդ Ժասթին Ուելպիին եւ Սքովտիոյ Եկեղեցւոյ ղեկավար Ժիմ Ուալլասին միատեղ ստորագրութիւնը կրող պատգամը` ուղղուած Հարաւային Սուտանի քաղաքական առաջնորդներուն։

Նոր կեանքի ուղեւորութիւն

«Այս ուղեւորութիւնը կ՜առաջնորդէ նոր կեանքի` ըլլայ որպէս անհատներ, ըլլայ անոնց համար, որոնք կ՜առաջնորդենք» կը հաստատեն Քահանայապետը, Քանթերպուրրիի առաջնորդը եւ Սքովտիայի եկեղեցւոյ ղեկավարը, մաղթանք յայտնելով եւ աղօթելով` որ Հարաւային Սուտանի քաղաքական առաջնորդները եւս ողջագուրուին այդ ձեւով` այսինքն Աստուած տեսնելով մէկը միւսին մէջ, որպէսզի կարողանան «զատորոշել նոր ուղիներ այս պահու պայքարներու եւ մարտահրաւէրներուն ընդմէջէն»։

Խաղաղութեան ուխտագնացութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապը, Արքեպիսոպոս Ուելպին եւ Սքովտիոյ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Ուալլասը իրենց պատգամը կ՜աւարտեն ընդգծելով, որ «Գալիք ամառ մեր Խաղաղութեան ուխտագնացութեան ակնկալիքով մենք անհամբեր կը սպասենք ձեր մեծ երկիրը այցելելու պահը»:

Յայտնենք թէ յառաջիկայ Յուլիս ամսուայ սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ դէպի Քոնկօ (2-5 Յուլիս ) եւ ապա Հարաւային Սուտան (5-7 Յուլիս)։ Այս վերջինիս պարագային Սրբազան Պապին պիտի ընկերակցի նաեւ Քանթերպուրրիի առաջնորդը Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպին ինչպէս յայտնած էր մի քանի տարիներ առաջ` 2017 թուականին նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Անկլիքան հասարակութեան հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2022, 12:00