Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին մայիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

«Աղօթենք, քոյրեր եւ եղբայրներ, որպէսզի երիտասարդները, կանչուած լիութեամբ կեանքի մը, Մարիամին մէջ բացայայտեն անսալու ոճը, զատորոշումի խորաթափանցութիւնը, հաւատքի քաջութիւնն ու ծառայութեան նուիրուածութիւնը»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին մայիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» քահանայապետական կազմակերպութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւնը մը որուն մէջ կը նշէ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներէն կը խնդրէ, որ մայիս ամսուան ընթացքին Տիրամօր դիմեն ու բացայայտեն անսալու՝ զատորոշումի խորաթափանցութեան, հաւատքի քաջութեան եւ անձնուիրութեան ծառայութեան ոճը։

Մայիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդները կը յանձնարարէ, որ իրենց զատորոշումի գործընթացին մէջ անսան մեծ հայրերու ու մայրերու խօսքերը, նշելով որ անոնց մէջ պիտի գտնեն իմաստութիւն մը, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ ժամանակից հարցերէն անդին»

Մայիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Սրբազան Հայրը յարեց

«Խօսելով ընտանիքին մասին կ՝ուզեմ նախ եւ առաջ սկսիլ դիմելով երիտասարդներուն։

Երբ մտածեմ ոճի մը մասին որ երիտասարդներ կրնան որդեգրել, իմ միտքս կու գայ մեր Մայրը, Մարիամը, Անոր քաջութիւնը, Անոր անսալու կարողութիւնը ու ծառայութեան նուիրումը։

Տիրամայրը խիզախ եւ հաստատակամ գտնուեցաւ Տիրոջ «Այո» ըսելու։

Դուք երիտասարդներ, որ կ՝ուզէք նոր բան մը կառուցել՝ աւելի լաւ աշխարհ մը, հետեւեցէք անոր օրինակին։

Մի մոռնաք, որ Մարիամին հետեւելու համար հարկ է զատորոշել եւ բացայայտել թէ Յիսուս ինչ կ՝ուզէ ձեզմէ, ոչ այն ինչ, որ ձեր միտքը կու կայ կատարելու։

Եւ այս զատորոշումին մէջ մեծ օգտակար է մտիկ ընել Տարեցներուն խօսքերը։

Տատիկներու եւ Պապիկներուն խօսքերուն մէջ կը գտնէք իմաստութիւն մը, որ ձեզ պիտի առաջնորդէ առկայ հարցերէ անդին։

Անոնք ձեր անհանգստութիւնները պիտի դնեն աւելի լայն տեսանկիւնին վրայ։

Աղօթենք, քոյրեր եւ եղբայրներ, որպէսզի երիտասարդները, կանչուած լիարժէք կենաքին, բացայայտեն Մարիամին մէջ անսալու ոճը, զատորոշումի խորաթափանցութիւնը, հաւատքի քաջութիւնն ու ծառայութեան նուիրուածութիւնը։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2022, 16:10