Որոնել

AdobeStock_340188208aem.jpg

24 Մայիսին կը նշուի Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար աղօթքի օրը

24 մայիսը արդարեւ Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր տօնն է, որ Չինաստանի Շէյշան Սրբավայրին մէջ մեծ շուքով կը տօնուի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 24 մայիսին կը նշուի Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար համաշխարհային աղօթքի օրը որ հաստատուած է 30 Յունիս 2007-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ։

24 մայիսը արդարեւ Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր տօնն է, որ Չինաստանի Շէյշան Սրբավայրին մէջ մեծ շուքով կը տօնուի։

Յայտնենք թէ վաստակաւոր քահանայապետը 2008 թուականին աղօթք մը ընծայած է Շէշանի Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր, որուն մէջ հայցած է, որ Ան ապաւէն կանգնի Չինաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ առաջնորդէ անոնց քայլերը դէպի Քրիստոս` առանց վհատութեամբ ու տարակոյսի, այնպէս ինչպէս ինք ըրած էր իր ''այոն'' արտասանելով Գաբրիէլ հրեշտակապետին, ու յանձն առնելով ամէն տառապանք ու չարչարանք , մինչեւ խաչին ոտքը տեսնելով իր որդւոյն մահը։

Անցեալ Կիրակի 22 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին բոլոր հաւատացեալները հրաւիրեց միանալու այս օրուայ աղօթքին` որպէսզի «Չինաստանի մէջ Եկեղեցին, տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութիւնը ապրի անդորրութեամբ եւ ազատութեամբ, եւ առաքելութիւնը կատարէ Աւետարանը քարոզելով բոլորին, դրական ներդրում մը մատուցելով ընկերութեան նիւթական եւ հոգեւոր զարգացումին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2022, 09:54