Որոնել

1653128940818.JPG

«“Famiglia Cristiana”ն ինիսուն ամեայ իմաստուն մեծ մայրիկ մըն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց “Famiglia Cristiana” կաթողիկէ ներշնչումով իտալական շաբաթերթի «ընտանիքին», անոր հիմնադրութեան 90 ամեկաին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 21 Մայիսի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական վերջին հանդիպումը եղաւ իտալական “Famiglia Cristiana” պարբերաթերթի «ընտանիքին» հետ, որ տեղի ունեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարէ աւելի հաւատացեալներ, պարբերաթերթի հիմնադրութեան 90 ամեակին առիթով։

Կաթողիկէ ներշնչումով շաբաթաթերթ

“Famiglia Cristiana” ն Կաթողիկէ ներշնչումով իտալական շաբաթաթերթ մըն է, որուն հիմնադիրը եղած է Երանելի Հայր Ճաքոմօ Ալպերիոնէն` (1931ին)։ Ան կը պնդէր` թէ աւետարանութեան «նոր սահմանները» կը գտնուին հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ։ Այդ օրէն սկսեալ Պարբերաթերթը դարձաւ Իտալիոյ մէջ ամենէ տարածուած ու կարդացուած շաբաթաթերթերէն մին։

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Պապը թերթը նմանեցուց մեծ մայրիկի մը, որ բոլորեց իր ինիսուն ամեակը եւ որ կեանքին ընթացքին ականատես եղաւ շատ մը բաներու եւ այժմ աւելի հասուն դարձած է։

Հայր Ալպերիոնէ` թերթին հիմնադիրը

Քահանայապետը ակնարկեց ապա թերթի հիմնադիրին ու անոր տեսութեան, որուն մէջ ներգրաւուած է համայն «Պօղոսեան» միաբանութեան Ընտանիքը։

««Պէտք է լաւ գաղափարներ սերմանել, որպէսզի լաւ գործեր պարգեւեն. Այս է կարեւոր աշխատանքը» կ՜ըսէր Հայր Ալպերիոնէն երիտասարդ քահանաներուն 1915 թուականին» յիշեցուց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ

“Famiglia Cristiana”ի իսկական ժառանգութիւնը ընթերցողներն են ու թէ ասոր համար է, որ ըլլայ խմբագրութիւնը ըլլայ լրագրողները մարդոց հետ խթանած են կապը, փոխյարաբերութիւն մը, որ պէտք է վերանորոգել նաեւ մեր ապրած թուային յեղաշրջումի ընթացքին» յարեց նորին Սրբութիւնը շեշտը դնելով փոխյարաբերութեան կարեւորութեան վրայ ու այդ փոխյարաբերութիւնը դնելու ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդին յատկապէս անոնց` որոնք կ՜ապրին արուարձաններուն մէջ։

Երկխօսութիւնն ու ունկնդրութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ կարեւորեց երկխօսութիւնն ու ունկնդրութիւնը, դիտել տալով, թէ «երկխօսութիւնը միայն տուեալներու փոխանակում մը չէ» եւ թէ «միւսին հետ փոխյարաբերութիւնը կարելի չէ սահմանել միայն կապի մը»։

«Իսկական Հաղորդակցութիւնը խոր վարժութիւն մըն է, որ մեզ դուրս կը հանէ մեր ինքնայղումէն, որպէսզի նայինք աւելի լայնածաւալ հորիզոնի մը...ասոր համար հաղորդողը միշտ պէտք է ըլլայ ուղեւորութեան մէջ, դէպի դուրս, ի հարկին փոխելով մտայնութիւն եւ վերաբերմունք» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Թոյլ տուէք փոխակերպուիլ նորոգելով ձեր մտածելակերպը»(Հռոմ 12,2) 

Ան մատնանշեց հուսկ Սուրբ Պօղոսի ընկերութեան միաբանութեան անդամներուն ընդհանուր Ժողովին, որ պիտի գումարուի մօտ օրէն եւ որուն բնաբանն է «Թոյլ տուէք փոխակերպուիլ նորոգելով ձեր մտածելակերպը»(Հռոմ 12,2) եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց ներկաները աղօթելու որպէսզի “Famiglia Cristiana” եւ միաբանութեան միւս բոլոր գրական գործունէութիւնները մշտապէս նորոգուին Աւետարանի հիման վրայ եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալի եռանդով։

Խօսքին աւարտին Քահանայապետը մէջբերեց Հայր Ալպերիոնէի այլ մէկ արտայայտութիւնը, որ «կը բացայայտէ անոր խարիզմը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը. «Ոչ մէկ մեծ հարստութիւն կարելի է պարգեւել այս աղքատ ու հպարտ աշխարհին քան Յիսուս Քրիստոսը։ Մարիամ աշխարհին տուաւ շնորհքը Յիսուս Քրիստոսով...աշխարհը պէտք ունի Յիսուս Քրիստոսին` ճանապարհ ճշմարտութիւն ու կեանք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2022, 12:16