Որոնել

1652958532112.JPG

«Առանց արմատներու սնունդին որեւէ կրօնական աւանդութիւն կը կորսնցնէ պտղաբերութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին ճառը` Ռումանական Պիոս Քահանայապետական վարժարանի անդամներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ռումանական Պիոս Քահանայապետական վարժարանի հիմնադրութեան 85-րդ տարեդարձին առթիւ Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց վարժարանի ընտանիքը եւ անոնց ուղղած իր ճառին սկիզբը ուրախութիւն արտայայտեց հանդիպումին համար յիշելով երկու տարիներ առաջ Ռումանիա կատարած առաքելական այցելութիւնը մէջբերելով այնտեղ արտասանած ճառերէն խօսքեր ու ակնարկելով եօթը Ռումանացի նահատակ եպիսկոպոսներու երանացման արարողութեան։

Հռոմ քաղաքն ու արմատները

Սրբազան Պապը արժեւորեց ներկաներուն Հռոմ կեցութիւնը ու Հռոմ քաղաքի ընծայած անծայրածիր հնարաւորութիւնները ապա ակնարկեց Ռումանիոյ Եկեղեցւոյ տառապանքներուն ու հաւատքի վկայութեան, դիտել տալով, թէ «Այն անձը, որ իր կեանքը կու տայ Աւետարանին համար, ինքզինք կը նուիրէ, կ՜ընդօրինակէ Տէր Յիսուսի ձրի եւ հլու սէրը» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց ներկաները կառչած մնալու իրենց արմատներուն որպէսզի կարողանան աճիլ եւ պտուղ տալ։

«Առանց արմատներու սնուցումը որեւէ կրօնական աւանդութիւն կը կորսնցնէ պտղաբերութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ եթէ այդ մէկը չկատարուի կը կորսուի սկզբնական ոգեւորութիւնը ու կը կեդրոնանանք արտաքին պաշտօնական հարցերու վրայ, սեփական խումբի պաշտպանութեան վրայ, սեփական պատմութեան ու առանձնաշնորհումներուն վրայ, կորսնցնելով նուիրումին համը։

Հեռու մնալ հոգեւոր  աշխարհիկութեան վիրուսէն

«Միայն երբ արմատները լաւապէս չռուած են ծառը կարող է շարունակել աճիլ, ապա թէ ոչ իր վրայ կը ծալլուի եւ կը մեռնի» յարեց հուսկ Քահանայապետը զգուշացնելով ներկաները հոգեւոր աշխարհիկութեան վիրուսէն ու հաստատելով որ պտղաբերութեան գաղտնիքը կը կայանայ կեանքի նուիրումին մէջ, Աւետարանի ապրումին մէջ։

Սրբազան Պապը մատնանշեց հուսկ Կարդինալ Մուրեշանին, որ մօտ օրէն պիտի բոլորէ իր 91 ամեակը եւ որ ապրեցաւ հալածանքի տարիները իր եղբայրակից եպիսկոպոսներուն հետ։ «Անոնք աղքատ հովիւներ էին բայց հարուստ Աւետարանով։ Դուք ալ եղէք անոնց նման, հաւատքի ուրախ առաքեալներ, որ պատրաստ ըլլան ոչ մէկ բան պահելու իրենց համար, հաշտուելու բոլորին հետ, ներերու եւ հիւսելու միութիւնը….որպէսզի ձեր սերմն ալ ըլլայ աւետարանական եւ պտուղ տայ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով նաեւ մտաբերելու իրենց ծնողներն ու մեծ հայր ու մեծ մայրերը, Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը, ու յորդորելով Աւետարանը քարոզել մարդոց բարբառով եւ ոչ թէ բարդ խօսքերով։

Մօտիկ ըլլալ աղքատին, հիւանդին, կարիքաւորին

Քահանայապետը խրախուսեց հուսկ ըլլալ մօտիկ աղքատներուն, հիւանդներուն, ու տառապողներուն, փոքրերուն, յատուկէն ակնարկելով Ուքրանացի գաղթականներուն, որոնք ապաստան գտած են Ռումանիոյ մէջ։

Ճառին աւարտին Ան յատուկ խօսք ուղղեց նաեւ նախկին Սանդ Էֆրեմ վարժարանի սաներուն, որոնք տասը տարիէ ի վեր Ռումանական վարժարանին հետ միասին կը կազմեն մէկ հասարակութիւն։

Եղբայրական հաղորդութեան աշխատանոցները

«Ազգային վարժարանները, ըլլան անոնք լատինական կամ արեւելեան, պէտք չեն «անկլաւ» ներ դառնալ, ուր վերադառնալ ուսմունքի օրուան աւարտին, ապրելու կարծես թէ հայրենիքի մէջ ըլլայինք, անոնք պէտք է ըլլան եղբայրական հաղորդութեան աշխատանոցներ, ուր փորձարկել իսկական կաթողիկէութիւնը, եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ խօսքը եզրափակեց իր օրհնութիւնները շնորհելով ներկաներուն ու անոնց հարազատներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 12:56