Որոնել

1651999109736.jpg

Վարդարանը աղօթենք պատերազմի խելագարութեան դէմ. Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը։

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետը յիշեց Երանելի քոյր Մարիա Ակոսթինա Ռիվաս Լոփէցը, Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրը, խնդրեց Սուրբ Վարդարանը աղօթել ի նպաստ խաղաղութեան աղօթք խնդրելով նաեւ Քուպայի մէկ պանդոկի մէջ պայթումի զոհերուն համար ու մայրերու տօնին առթիւ` բոլոր մայրերուն համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 Մայիս 2022-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ողջ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս Հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, յիշեց երէկ Փերույի մէջ Երանացուած Քոյր Մարիա Ակոսթինա Ռիվաս Լոփէցը որ 1990-ին սպաննուեցաւ իր հաւատքին համար։

Երանելի քոյր Մարիա Ակոսթինա Ռիվաս Լոփէցը

«Այս հերոս միսիոնարը, իմանալով հանդերձ` որ իր կեանքը վտանգի տակ էր միշտ մօտիկ մնաց աղքատներուն յատկապէս բնիկ եւ հողագործ կիներուն, վկայելու խաղաղութեան եւ արդարութեան Աւետարանը» ըսաւ Սրբազան Պապը, մայթելով` որ Ան օրինակ ըլլայ մեզի բոլորիս։

Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա` թէ այսօր կը յիշատակուի Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրը, որուն բնաբանն է «Կերտել մարդկային ընտանիքը»։

«Ասիկա օրն է, որուն մէջ բոլորս որպէս մկրտուածներ զգանք թէ կոչուած ենք հետեւելու Յիսուսին ու Անոր այո ըսելու եւ նմանելու Անոր, վերագտնելու համար կեանքը զոհելու ուրախութիւնը, եւ սլացքով եւ ուրախութեամբ ծառայելու Աւետարանին» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհաւորութիւնները փոխանցելով Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Տաճարին մէջ առաւօտեան ձեռնադրուած նոր քահանաներուն։

Փոմբէի Տիրամօր աղերսանք
Փոմբէի Տիրամօր աղերսանք

Սուրբ Վարդարանի աղօթքը ի նպաստ խաղաղութեան

Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ Փոմբէյի Տիրամօր սրբավայրին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն Սուրբ Կոյս Մարիամի աղերսանքի օրուան առիթով։

«Հոգեպէս ծնկաչոք Տիրամօր առջեւ Անոր կը յանձնեմ խաղաղութեան բոցավառ իղձը, բազմաթիւ այն ժողովուրդներուն, որոնք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կը տառապին պատերազմի անիմաստ ողբերգութեան պատճառաւ։ Սուրբ Կոյսին յատուկէն կը ներկայացնեմ ուքրանացի ժողովուրդին տառապանքն ու արցունքները։ Պատերազմի խելագարութեան դիմաց շարունակենք ամէն օր աղօթել վարդարանը ի նպաստ խաղաղութեան։ Եւ աղօթենք նաեւ Ազգերու պատասխանատուներուն համար, որպէսզի չի կորսնցնեն ժողովուրդին զգայնութիւնը, որ խաղաղութիւն կը կամենայ եւ շատ լաւ գիտէ, որ զէնքերը զայն երբեք պիտի չ՛իրականացնեն, երբեք» հաստատեց Սրբազան Պապը, որ ապա աղօթք խնդրեց նաեւ Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէկ մեծ պանդոկի մէջ պայթումի զոհերուն համար ու անոնց ընտանիքներուն համար։

Մայրերու տօնը

Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը յիշելով` թէ այսօր շատ մը երկիրներու մէջ կը տօնուի Մայրերու Տօնը։

«Սիրով յիշենք մեր մայրերը, նաեւ անոնք` որոնք մեր հետ չեն այլեւս, որ սակայն կ՛ապրին մեր սրտերուն մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աղօթք խնդրելով նաեւ բոլոր մայրերուն համար ու շնորհաւորելով անոնց տօնը։

Ան ապա խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն խնդրելով` որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2022, 12:54