Որոնել

«Սերունդներու միջեւ դաշինքը, որ կը բանայ ապագային դռները». Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Հռութի գիրքը կը պարունակէ թանկարժէք ուսուցում մը սերունդներու միջեւ դաշինքի մասին, այնտեղ ուր երիտասարդութիւնը կ՜ապացուցէ որ ունակ է վերականգնելու ոգեւորութիւնը հասուն տարիքի մէջ գտնուող մարդոց, ծերութիւնը ի վիճակի է վերաբացելու ապագան վիրաւոր երիտասարդներուն համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նոեմի իր երկու հարսերուն ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ ամէն մէկդ թող իր մօրը տունը դառնայ ու Տէրը ձեզի ողորմութիւն ընէ, ինչպէս դուք մեռածներուն ու ինծի ըրիք: ... Բայց Հռութ ըսաւ. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, քանզի ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։ Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ ու հոն թաղուիմ. Տէրը ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ զիս քեզմէ մահուընէ զատ ուրիշ բան մը զատէ»։

Աստուածաշունչի Հռութայ գիրքէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին չորեքշաբթի 27 ապրիլի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, որուն առթիւ Ան շարունակեց ներկայացնել Ծերութեան մասին մտորումները շեշտը դնելով սերունդներու միջեւ դաշինքի կարեւորութեան վրայ, որ կը բացուի ապագային։

Հռութի գիրքը Աստուածաշունչի գոհար

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, բարի լոյս եւ բարի եկած էք։ Այսօր կը շարունակենք խորհրդածել տարեցներու, մեծ հայր ու մեծ մայրերու եւ ծերութեան մասին։ Եւ այս կ՜ընենք ներշնչուելով Հռութի գեղեցիկ գիրքէն որ Աստուածաշունչի գոհար մըն է, եւ կը տօնախմբէ ընտանեկան կապերու գեղեցկութիւնը, որոնք ծնունդ կ՜առնեն զոյգի կեանքէն բայց նաեւ աւելի անդին կ՜երթան այդ կապէն։ Հարազատութեան կապերը կեանքի ուժի և ստեղծագործական իմաստութեան աղբիւր են` համայնքը կերտող յարաբերութիւններուն։

Հաւատքով յաղթահարել նախապաշարումները

«Հաւատքի ներշնչումը գիտէ վկայութեան հորիզոն մը բանալ, որ հակառակ է ամենատարածուած նախապաշարումներուն, յատկապէս սկեսուրի և հարսի յարաբերութիւններուն միջեւ, որ թանկ հորիզոն է ողջ մարդկային հասարակութեան համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս ծիրէն ներս «Աստուծոյ խօսքը թանկարժէք կը դառնայ» ու հրաւիրելով հաւատացեալները բացայայտելու Հռութի գիրքը, յատկապէս սիրոյ խորհրդածութիւններուն ու ընտանիքի մասին ուսուցումներուն մէջ։

Սերունդներու միջեւ դաշինքը

«Հռութի գիրքը կը պարունակէ թանկարժէք ուսուցում մը սերունդներու միջեւ դաշինքի մասին, այնտեղ ուր երիտասարդութիւնը կ՜ապացուցէ, որ ունակ է վերականգնելու ոգեւորութիւնը հասուն տարիքի մէջ գտնուող մարդոց, ծերութիւնը ի վիճակի է վերաբացելու ապագան վիրաւոր երիտասարդներուն համար»։

Սկիզբը տարեց Նոյեմին, թէեւ յուզուած իր երկու որդիներու այրի մնացած հարսերու սիրոյն ի տես, հեռատեսութիւն կը դրսեւորէ` իրենց չպատկանող ժողովուրդի մը մէջ անոնց ճակատագրին նկատմամբ։ Ասոր համար կը քաջալերէ զանոնք վերադառնալու իրենց ընտանիքներուն մօտ ու վերակառուցելու իրենց կեանքը։ Այս արարքը սիրոյ արարք է բայց նաեւ յուսալքումի արարք ի տես այն իրականութեան թէ ապագայ մը չկայ օտար այրիներուն համար։ Հռութը սակայն կը դիմադրէ, որովհետեւ կապը` որ հաստատուած է օրհնուած է Աստուծոյ կողմէ։

Տարեցներու յոռետեսութիւնը եւ երիտասարդներուն եռանդը

«Արդարեւ շատ անգամ տարեցներու յոռետեսութեան հակումը պէտք է հակազդուի երիտասարդներու սիրալիր ճնշումով» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, թէ ինչպէս Նոյեմին Հռութի այս նուիրումին ի տես դուրս կու գայ յոռետեսութենէն եւ Հռութին առջեւ կը բանայ նոր ապագայ մը։ Ան Հռութը կը քաջալերէ Իսրայէլի մէջ փնտռելու նոր ամուսին մը։ Եւ Բոոսը կ՜ըլլայ այն թեկնածուն, որ կը պաշտպանէ Հռութը մարդոցմէ։ Ու նոր ամուսնութիւնը տեղի կ՜ունենայ եւ երկու աշխարհներ դարձեալ կը հաշտուին` շնորհիւ հաւատքին եւ սիրոյն։

Երբ երիտասարդները բաց են երախտագիտութեան իրենց ընկալած բաներուն համար, իսկ տարեցները յանձն կ՜առնեն նախաձեռնել իրենց ապագան, ոչ մէկ բան կարող է կանգնեցնել Աստուծոյ օրհնութիւններու ծաղկումը մարդկանց մէջ:

Ողջոյնի խօսքեր

«Թող որ երիտասարդները խօսին իրենց պապիկ մամիկներուն հետ եւ տարեցները խօսին երիտասարդներուն հետ»։ Թող, որ Տէրը օգնէ մեզի այս ուղղութեամբ այնպէս ընելով, որ ընտանիքներուն մէջ աճի ներդաշնակութիւնը, կառուցողական ներդաշնակութիւնը որ կ՛ընդգրկէ երիտասարդնենր ու տարեցները, այդ գեղեցիկ կամուրջը զոր մենք պէտք է պահպանենք» ըսաւ հուսկ  Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա հրապարակի վրայ համախմբուած ու տարբեր վայրերէ ժամանած իտալացի եւ օտարագզի պատկան հազարաւոր հաւատացեալներուն զանազան լեզուներով ուղղեց ողջոյնի խօսքեր, հուսկ աւարտին խօսքը ուղղելով տարեցներուն, հիւանդներուն, երիտասարդներուն եւ նորապսակներուն հաստատեց թէ այս զատկական ժամանակաշրջանին մէջ, որ մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդի մասին, թող` որ Տիրոջ փառքը ըլլայ աղբիւր իւրաքանչիւր նոր եռանդի, դէպի փրկութիւն տանող ճանապարհին վրայ։ Թող օգնէ երիտասարդները հաւատարմութեամբ հետեւելու Աւետարանին, թիկունգ կանգնի տարեցներուն եւ հիւանդներուն, յառաջ ընթանալու վստահութեամբ եւ յոյսով եւ առաջնորդէ նորապսակները կազմելու ամուր ընտանիքներ աւետարանական ճշմարտութեան նշանով։

Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով ու անոր բոլոր ներկաներուն շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2022, 09:24

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >