Որոնել

Յարգէ հայրդ ու մայրդ. Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Ձմեռային եղանակէն ետք Սրբազան Պապը ունկնդրութիւնը գլխաւորեց ոչ թէ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ այլ բացօթեայ` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար ուխտաւորներ եւ հաւատացեալներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 20 ապրիլ 2022-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որ այս անգամ ձմեռային եղանակներէն ետք տեղի ունեցաւ ոչ թէ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, այլ բացօթեայ` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար ուխտաւորներ եւ հաւատացեալներ։

Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով ներկայացնել անցեալ շաբաթներուն սկսած տարեցներու մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց տարեցներուն նկատմամբ պատիւ ու յարգանք դրսեւորելու վրայ։

Անոր խորհրդածութեան առանցքը կազմեց Աստուածաշունչի Սիրաքի գիրքէն քաղուած սոյն հատուածը (Սիրաք 3,3-6.12-13.16)

Ան, որ Հայրը կը պատուէ կը քաւէ իր մեղքերը եւ ով իր մայրը կը յարգէ նման է գանձ դիզողի։ Ան` որ հայրը կը պատուէ ինքն ալ կ՛ուրախանայ իր որդիներով եւ անոր աղօթքը լսելի կ՛ըլլայ։ Ան` որ կը փառաւորէ հայրը, երկարակեաց կ՛ըլլայ։ Ան որ Տիրոջ մտիկ կ՛ընէ կը հանգստացնէ մայրը.... Որդեակ զօրավիգ եղիր քո հօրը ծերութեան ժամանակ, եւ զայն մի տրտմեցներ կեանքի ընթացքին։ Եւ եթէ պակսի անոր բանականութիւնը, ներէ անոր, մի անարգեր զայն մինչ դուն կը գտնուիս կորովի մէջ... Ան` որ հայրը կը լքէ կը նմանի Աստուած անարգողին, ան որ մայրը կը բարակացնէ Տիրոջ կողմէն անիծուած է։

«Պատուէ հայրդ ու մայրդ»

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր Աստուծոյ խօսքի օգնութեամբ պիտի խորհրդածենք դիւրաբեկութեան ու սիրոյ հիմնական չափանիշի մը մասին, ան` որ կը հայի մեր նախնիքները պատուելու»։ Այդ պատիւը հանդէպ տարեցներուն, որ միանգամայն քնքշութիւն ու յարգանք է, Տիրոջ մէկ պատուիրանն է. «Պատուէ հայրդ ու մայրդ»։ Ան չի հայիր միայն սեփական հօր ու մօր, այլ աւելի լայնօրէն անցեալի սերունդներուն, որոնք յաճախ կը գոյակցին կեանքի միւս դարաշրջաններուն հետ։

Պատիւը լաւ բառ մըն է սիրոյ վերականգնման այս ոլորտը սահմանելու համար, որ տարեցներուն կը վերաբերի:

Այսօր մենք վերագտանք «արժանապատուութիւն» եզրը՝ ցոյց տալու իւրաքանչիւրի կեանքը յարգելու և հոգալու արժէքը։ Արժանապատուութիւնն այստեղ էապէս հաւասարազօր է պատիւին։

Չանարգել տարեցները

Լաւապէս մտածենք այս սիրոյ հոլովումին որ պատիւն է։ Պատիւը սակայն կարող է պակսիլ երբ տարեցներուն տկարութիւնը նախատուած է եւ նոյնիսկ պատժուած, կարծես թէ ան յանցանք մը ըլլար։ Երբ տարակուսանքն ու շփոթութիւնը ծաղրանքի եւ նախայարձակումի բացուածք կը դառնան։ Եւ այս մէկը կը պատահի նաեւ տան պատերուն ներքոյ, խնամակալութեան կեդրոններէն ներս ու նաեւ գրասենեակիններուն մէջ ու քաղաքներու բաց տարածքներուն վրայ։

Երիտասարդներուն մէջ տարեցներուն նկատմամբ բաւարարութեան վերաբերմունք մը քաջալերելը կարող է ահռելի բաներ արտադրել։ Պատանիներ, որոնք տնանկի մը ծածկոցը կ՜այրեն, որովհետեւ զայն կը տեսնեն որպէս մարդկային մնացորդ մը։

Այս անպատութիւնը, որ կ՜անարգէ տարեցը իրականութեան մէջ անպատութիւն մըն է բոլորիս համար։ Եւ Սիրքաի գիրքը արդարօրէն շատ խիստ է այդ անպատութեան նկատմամբ, որ վրէժխնդրութիւն կ՜աղաղակէ Աստուծոյ աչքերուն առջեւ։

Նոյի պատմութեան մէջ կայ շատ խօսուն դէպք մը, ջրհեղեղի հերոսը գինիով արբենալէ ետք կը ննջէ մերկ եւ իր զաւակները զայն կը ծածկեն քնքշութեամբ ու յարգանքով, որպէսզի ան չ՛արթննայ ամօթով։ Ասիկա գեղեցիկ հատուած մըն է, որ մեզի ամէն բան կ՛ըսէ տարեցին յատկացնելիք պատիւի մասին։

Տարեցները մաս են մեր մարմինէն

Հակառակ բոլոր նիւթական նախախնամութիւններուն զոր հարուստ ընկերութիւնները կը դնեն տարեցներուն տրամադրութեան եւ որոնց համար պէտք է հպարտանանք այսուհանդերձ պատիւը տարեցներուն վերադարձնելու պայքարը տակաւին կը մնայ դիւրաբեկ եւ անտաշ։

«Մենք պէտք է ամէն բան ընենք աջակցելու եւ քաջալերելու ապրուած կեանքի այս մեծարումը մատուցելով ընկերային ու մշակութային լաւագոյն թիկունքը, յատկապէս փոքրերու կրթութեան գործին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը ծնողներուն խրատ տալով, որ իրենց զաւակները միշտ մօտ պահեն տարեցներուն, նոյնիսկ երբ անոնք հիւանդ են, կամ դիւրաբեկ։ «Անոնք մաս են մեր մարմինին եւ եթէ ուրիշ ճար մը չկայ քան զանոնք հանգստեան տուն ուղարկել չի մոռնանք անոնց այցելութիւն տալու, մեր հետ տանելով մանուկները» յարեց ապա Սրբազան Պապը, հաստատելով` որ այդ տարեցները «մեր քաղաքակրթութեան պատիւն են»։

Առանձին չթողունք տարեցները

«Բայց ցաւօք զաւակները շատ անգամ կը մոռնան այս մէկը» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը յորդորելով մէկդի չդնել ու առանձին չի լքել տարեցները, այս մէկը նկատելով նաեւ ծանր մեղք մը։ Ամենամեծ պատուիրանն է «յարգէ հայրդ ու մայրդ եւ երկար կեանք պիտի ունենաս երկրի վրայ»։ Զանոնք յարգելը մեզի համար օրհնութիւն է։ Հաճեցէք պահպանել տարեցները, անոնք ներկայութիւն մըն են, պատմութեան, ընտանիքին մէջ եւ անոնց շնորհիւ է որ ես այսօր հոս կը գտնուիմ ու կարող ենք բոլորս միասին ըսել. Քու շնորհիւդ, մեծ հայր, մեծ մայր, ես ողջ եմ։ «Հաճեցէք առանձին մի թողուք զանոնք» կրկնեց Նորին Սրբութիւնը որ ապա հայցեց` որ «Աստուծոյ Հոգիին իմաստութիւնը մեզի անհրաժեշտ եռանդը պարգեւէ` բանալու այս մշակութային յեղափոխութեան հորիզոնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2022, 10:05

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >