Որոնել

1650710966495.JPG

Աստուած կու լայ Ուքրանիոյ պատերազմի զոհերուն համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մարիամին արցունքները նշանն են նաեւ Աստուծոյ արտասուքին պատերազմի զոհերուն համար, որ կը կործանէ ոչ միայն ուքրանիան` այլ բոլոր ներգրաւուած ժողովուրդները» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 23 ապրիլին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Իտալիոյ Թրեվիլիօ քաղաքի Արցունքի Տիրամօր սրբավայրին հովուական հասարակութեան հաւատացեալներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Սրբազան Պապը անգամ մը եւս ընդգծեց` թէ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ պատերազմը կը կործանէ բոլորը, յաղթողները, պարտուողները ու նաեւ անոնք որ կը նային։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ այս հանդիպումը կը զուգադիպի Թրեվիլիոյի Տիրամօր արտասուելու հրաշքին 500րդ տարեդարձին որ պատահած է 28 փետրուար 1522-ին. երբ Ֆրանսական զօրքերը պիտի յարձակէին գիւղին վրայ։ Սակայն Լոթրէք զօրավարը որ բարեպաշտ էր եւ Տիրամօր նկատմամբ մեծ յարգանք ունէր, իմանալով Տիրամօր արձանի ներկայութեան մասին վար առնելով սուրը գիւղը փրկեց կործանումէն։

Քահանայապետը այս առթիւ ներկաներուն ուղղած ճառը կեդրոնացուց Սուրբ Կոյս Մարիամի արցունքին վրայ հաստատելով որ Մարիամ մեզի կը սորվեցնէ չամչնալ արտասուելէ, յուզուելէ այն վէրքերուն համար որոնց կը հանդիպինք մեր ուղեւորութեան ընթացքին։

«Մարիամին արցունքները նշանն են նաեւ Աստուծոյ արտասուքին պատերազմի զոհերուն համար, որ կը կործանէ ոչ միայն ուքրանիան` այլ բոլոր ներգրաւուած ժողովուրդները» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան խօսեցաւ նաեւ Մարիամ ուրախութեան արտասուքի մասին, երբ ան Յիսուսը բերաւ աշխարհ, բայց նաեւ դառն արցունքներու մասին զոր Աստուածամայրը դափեց հետեւելով Յիսուսին չարչարանքներուն, խաչի ճանապարհին։

«Երբ Մարիամ կու լայ անոր արցունքները նշան են Աստուծոյ գթութեան» նշեց Սրբազան Պապը։ «Աստուած արդարեւ միշտ կը գթայ մեր վրայ, Ան կ՜ուզէ մեզ մշտապէս ներել, եւ Տիրամօր արցունքները նշան են Քրիստոսի ցաւին մեր մեղքերուն համար, մարդկութիւնը վիրաւորող չարին համար» նկատել տուաւ Քահանայապետը, վերյիշելով` Մարիամի Անարատ սրտին ներկայացուցած աղերսական աղօթքը ու նուիրումը անորմէ հայցելով որ բարեխօսէ խաղաղութեան պարգեւին համար։ «Ան` որ Խաղաղութեան Թագուհի է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցնելով նաեւ, որ վաղը «Ողորմութեան Կիրակին է» ու թէ Տիրամայրը է նաեւ «Ողորմութեան մայր»։

Շարունակելով խօսիլ լացի մասին Սրբազան Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ մենք կորսնցուցած են լալու սովորութիւնը, իսկական լացը, զղջումի լացը, որ կը բխի սրտէն։

«Մենք պէտք է խնդրենք լացին շնորհքը, ի տես մեր առջեւ գտնուող ողբերգութիւններուն ու մեր ժամանակաշրջանի թշուառութիւններուն» ըսաւ Սրբազան Պապը որ ճառին աւարտին դարձեալ ակնարկելով «Արցունքներու Տիրամօր» սրբավայրին հաստատեց` որ այնտեղ կայ քնքշութեան, կարեկցութեան եւ մօտիկութեան հովուական խնամակալութիւն մը, որ է Աստուծոյ ոճը եւ ոճ մըն է որ կը հայի բոլորին, ըլլանք քահանաներ, աշխարհականներ կամ նուիրեալ անձինք։ «Բոլորս պէտք է ըլլանք իրարու մօտիկ, կարեկից եւ քնքուշ» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որ որպէս վերջին խրատ ըսաւ. «Պէտք է Մարիամէն սորվինք հետեւիլ Յիսուսն, թոյլ տալ որ անոր Հոգին` մեր զգացումները, մեր փափաքները, մեր ծրագիրները ու մեր արարքները ձեւաւորէ Աստուծոյ սրտին համաձայն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2022, 13:15