Որոնել

Card.-Czerny-suor-Smerilli-padre-Baggio.jpg

Քահանայապետը իրենց պաշտօններուն վրայ վերահաստատեց Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան գերատեսչութեան ղեկավարութիւնը

Նորին Սրբութիւնը Կարդինալ Շեռնին վերանշանակեց կառավարիչ, Քոյր Զմերիլլին քարտուղար եւ Հայր Պիաճճոն ենթաքարտուղար

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Շաբաթ 23 ապրիլին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատեց Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան գերատեսչութեան ժամանակաւոր ղեկավարները յանձինս Կարդինալ Միքայէլ Շեռնիին` Կառավարիչ եւ Քոյր Ալեսսանտրա Զմերիլիին` քարտուղար։ Սրբազան Քահանայապետը որպէս ենթաքարտուղար նշանակեց Հայր Ֆապիօ Պիաճճօ անոր յանձնելով նաեւ գերատեսչութեան Գաղթականներու եւ փախստականներու ինչպէս նաեւ ընկերային ծրագիրներու բաժանմունքին պատասխանատուութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2022, 12:29