Որոնել

Երիտասրադ Միսիոնարներ Երիտասրադ Միսիոնարներ 

Եղէք սիրոյ եւ ուրախութեան միսիոնարներ. Քահանայապետը երիտասարդներուն։

«Կը մաղթեմ, որ ըլլաք ուրախութեան միսիոնարներ, սիրոյ միսիոնարներ։ Աւետումը կը կատարուի ժպիտով ոչ թէ տխրութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 23 ապրիլի առաւօտեան Սրբազան Պապը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց «Missio Giovani»` երիտասարդական շարժումի անդամները` որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպուած համագումարին։

Սրբազան Պապը անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ խրատեց ըլլալ միշտ ուրախ ու բաց` նոր կենաքին զոր Յիսուս կը պարգեւ, ապա պատրաստ ըլլալ ապրելու արդիւնաւէտ եւ զուսպ բարեսիրութիւն մը, որ ըլլայ նաեւ «երեւակայական եւ խելացի»։

Սովորութեան համաձայն Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն առաջարկեց երեք բայեր` վերականգնիլ, հոգ տանիլ եւ վկայել։

«Երեք յստակ շարժումներ թիկունք կանգնելու ուղեւորութեան» ընդգծեց Սրբազան Պապը օրինակ տալով այրի կնոջ մահացած որդին որուն Յիսուս յարութիւն կու տայ եւ ան կը վերականգնի։ Հարկաւոր է կեանք տալ վերսկսելու համար շարժում մը, որպէսզի սլացք ունենանք դէպի կեանքի ապագայ, որ լի ըլլայ յոյսով եւ եղբայրներուն նկատմամբ բարեսիրութեամբ» թելադրեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Յիսուս մեզի ուժ կը պարգեւէ ու մեզմէ կը խնդրէ խուսափիլ մեր վրայ հպելու մահէն, եսասիրութեան անշարժութենէն ու մակերեսայնութիւնէն։

Սրբազան Պապը որպէս այլ օրինակ մը ներկայացուց բարի սամարացին` խարսխուելով անոր նման հոգ տանիլ մերձաւորին, ապա առաջարկեց նայիլ նաեւ անցեալի միսիոնարներուն եւ քալել անոնց հետքերուն վրայ:

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց հուսկ կիսել ուրախութիւնը միւսներուն հետ նման առաքեալներուն որոնք վկայեցին յարուցեալը։ «Վկայեցէք կեանքով, ձեր ստորագրութիւնը դնելով այն բաներուն վրայ որ կ՜ուզէք բաժնեկցիլ, ու այդ մէկը ըրէք սրտանց» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ խօսքը աւարտեց Սուրբ Օսքար Ռոմէրոյի մէկ նախադասութեամբ «Այնքան որքան մարդ մը ուրախ է, այնքան աւելիով անոր մէջ կը յայտնուի Քրիստոսի փառքը»։

«Կը մաղթեմ, որ ըլլաք ուրախութեան միսիոնարներ, սիրոյ միսիոնարներ։ Աւետումը կը կատարուի ժպիտով ոչ թէ տխրութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2022, 11:41