Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «FIAT» ընկերակցութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «FIAT» ընկերակցութեան անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխարհը աղքատ է մարդկայնութեամբ, հրատապ է սիրոյ քաղաքակրթութիւն մը։

Սրբազան Պապը ճառը արտասանեց նստած, տրուած ըլլալով որ այս վերջին օրերուն ծնկացաւը աւելիով սրացաւ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ամենուրէք տարածել Աստուծոյ սիրոյն բոյրը, մշակել միսիոներական հոգի մը որպէսի մօտիկ ըլլալ անոնց` որոնք կը տառապին, քալել եւ պայքարիլ անոնց հետ, անոնց մարդկային արժանապատւութեան համար». Գաղափարներն ենք ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը արտայայտեց այսօր առաւօտեան Վատիկանի մէջ ընդունելով «Կարդինալ Սուէնէնսի հետքերուն վրայ. Սուրբ Հոգին, Մարիամը եւ Եկեղեցին» խորագիրով ուսումնաժողովի 120 մասնակիցները, որոնց ուղղած ճառին մէջ յիշեց նաեւ Ուքրանիայի պատերազմը եւ անոր զոհերը ընդգծելով, որ համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ կարիքը կայ իրենց հաւաքի դաւանանքով համոզուած աշակերտներու, որոնք կարող ըլլան փոխանցել յոյսի բոցը` այս ժամանակներու մարդոց ու կիներուն։

«Մեր ապրած ողբերգութիւնները մեզի կը յիշեցնեն սիրոյ քաղաքակրթութեան մը հրատապութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը մասնաւորապէս յիշելով Ուքրանիոյ պատերազմը ու մատնանշելով հասարակաց տունը ցնցող բազմաթիւ ճգնաժամերուն ան վերակոչեց ընկերային բարեկամութիւնը` որ ոչ մէկը պէտք է բացառէ եւ եղբայրութիւն մը` որ բաց ըլլայ բոլորին, խրախուսելով ներկաները ըլլալու Աստուծոյ ողորմութեան, բարութեան եւ քնքշութեան վկաները։

Սրբազան Պապը անգամ մը եւս ընդգծեց` թէ բոլորս կանչուած ենք ըլլալու դէպի դուրս եկեղեցւոյ մը դերակատարները վերահաստատելով, թէ աւետարանումը Եկեղեցւոյ առաքելութեան կորիզն է ու ասկէ մեկնելով Սուրբ Կոյսը ներկայացուց որպէս տիպար։

Նշենք թէ Սրբազան Պապը ճառը արտասանեց նստած, տրուած ըլլալով որ այս վերջին օրերուն ծնկացաւը աւելիով սրացաւ։

Վերոնշեալ ուսումնաժողովը կազմակերպուած է «FIAT» ընկերակցութեան կողմէ, որ հիմնադրուած է 1982 թուականին` Կարդինալ Լէոն Ժոզէֆ Սուէնէնսը եւ Վերոնիքա Օ Պրիէնը կողմէ, որպէս առաքելութիւն ունենալով մասնակցիլ եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր աւետարանութեան ոլորտէն ներս, հիմնուելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ցուցմունքներուն վրայ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2022, 12:00