Որոնել

Խաղաղութիւն ձեզի. Աստուծոյ ողորմութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ, ներում կը հրահրէ եւ կը մխիթարէ

«Երբ փորձարկենք մեր մեղքերու ծանրութենէն ազատուած ըլլալու ուրախութիւնը, երբ գիտակցինք անձնապէս թէ ի՞նչ ըսել է վերածնիլ, ապրելէ ետք անել մէկ փորձառութիւն մը, այդ ժամանակ պէտք է, որ մեզի մօտիկ գտնուող անձերուն հետ բաժնեկցինք ողորմութեան հացը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 24 ապրիլին, Սուրբ Զատկուայ երկրորդ կիրակին, նուիրուած է Աստուածային Ողորմութեան, եւ հաստատուած է երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ։

Աստուածային Ողորմութեան կիրակիին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ նախագահեց սուրբ պատարագին զոր մատոյց Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան` նոր աւետարանութեան խթանումի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։ Պատարագին քարոզը արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապը զայն կեդրոնացնելով Աստուածային ողորմութեան վրայ, մեկնաբանելով օրուան աւետարանը, որ կը պատմէ Յիսուսի յարութենէն ետք անոր առաքեալներուն երեւումներուն դրուագը։Խաղաղութիւն ձեզի

«Այսօր Յիսուս կը յայտնուի աշակերտներուն, որոնք զինք լքած էին, անոնց նուիրելով իր ողորմութիւնը, ցոյց տալով իր վէրքերը։ Անոնց ուղղած խօսքը կը կայանայ ողջոյնի մը մէջ. «Խաղաղութիւն ձեզի», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս ողջոյնը յարուցեալին ողջոյնն է եւ Աւետարանին մէջ կը կրկնուի երեք անգամ։

«Անիկայ ողջոյնն է, որ կ՜ընդառաջէ մարդկային որեւէ տկարութեան եւ սխալին» յարեց Քահանայապետը, դիտել տալով, որ այդ ողջոյնին մէջ ներփակուած են աստուածային ողորմութեան երեք արարքներ. Ան ուրախութիւն կը պատճառէ, ապա ներում կը հրահրէ, հուսկ յոգնութեան մէջ կը մխիթարէ։

Աստուծոյ ողորմութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ

Նախ եւ առաջ Աստուծոյ ողորմութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ, ուրախութիւն` որ ներուած ենք ձրի կերպով։ Աշակերտները տեսնելով Յիսուսը, Անորմէ կը լսեն «Խաղաղութիւն ձեզի» խօսքը եւ կ՛ուրախանան։ Անոնք փակուած էին վերնատան մէջ, որովհետեւ վախի մէջ էին, ու փակուած էին նաեւ իրենք իրենց մէջ, բեռնաւորուած ձախողութեան զգացումով։ Անոնք աշակերտներն էին, որոնք Վարդապետը լքած ու հեռացած էին, երբ ան կը ձերբակալուէր։ Պետրոս զայն նոյնիսկ ուրացած էր երեք անգամ եւ խումբէն մէկը զինք դաւաճանած էր։

Անոնք իրենք զիրենք ամենեւին ձախող կը զգային, որովհետեւ ամենամեծ մեղքը գործած էին. Ամենէ ողբերգական պահուն Յիսուսը միայնակ ձգած էին։ Անոնք պէտք էին ամչնալ բայց կ՜ուրախանան Յիսուսը տեսնելով։ Անոնք իրենք իրենց վրայ կեդրոնանալէն կը սկսին կեդրոնանալ Յիսուսին վրայ, որ զիրենք կը խրախուսէ ու անոնց սրտին մէջ դարձել կը զեղու կորսուած անդորրութիւնը, զանոնք նոր մարդիկ դարձնելով։

Յիսուսին ուրախութիւնը կը բխի ներումէն

Յիսուսին ուրախութիւնը կը բխի ներումէն։ «Ու մենք եւս փորձարկած ենք այդ ներումն ու ուրախութիւնը մեր կեանքի ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Պապը, հաստատելով որ Աստուած միշտ կը մտահոգուի մեզի զգալ տալու իր ողորմութեան ողջագուրումը, որմէ կը բխի ներուած ըլլալու եւ խաղաղութեան մէջ գտնուելու ուրախութիւնը։

«Ոչ մէկ բան արդարեւ կարող է առաջուան պէս ըլլալ անոր համար, որ կը փորձարկէ Աստուծոյ ուրախութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ինչպէս հայրը զիս ղրկեց ես ալ ձեզ կը ղրկեմ

«Խաղաղութիւն ձեզի»։ Յիսուս այս մէկը կը կրկնէ երկրորդ անգամ աւելցնելով. «Այնպէս ինչպէս հայրը զիս ղրկեց ես ալ ձեզ կը ղրկեմ...անոնց որոնց մեղքերը կը թողուք ներուած պիտի ըլլան։ Յիսուսին աշակերտները ոչ միայն ողորմութիւնը կ՜ընդուին այլ կը դառնան նաեւ այդ ողորմութեան բաժնողները։ Անոնք այդ իշխանութիւնը կ՜ընդունին ոչ թէ իրենց արժանիքներուն համար այլ շնորհքի պարգեւի հիման վրայ։ Եւ Եկեղեցւոյ մէջ եւս այսօր եւ առ յաւէտ պէտք է որ ներումը հասնի բոլորին, ողորմած խոստովանահայրի մը հեզ բարութեան միջոցաւ, որ գիտէ թէ ինքը չէ այդ իշխանութեան տէրը այլ պարզապէս ողորմութեան խողովակը, որուն միջոցաւ միւսներուն վրայ կը հորդի ներումը, զոր ինք փորձարկեց որպէս առաջին։

«Երբ փորձարկենք մեր մեղքերու ծանրութենէն ազատուած ըլլալու ուրախութիւնը, երբ գիտակցինք անձնապէս թէ ի՞նչ ըսել է վերածնիլ, ապրելէ ետք անել մէկ փորձառութիւն մը, այդ ժամանակ պէտք է, որ մեզի մօտիկ գտնուող անձերուն հետ բաժնեկցինք ողորմութեան հացը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Յիսուս մեր մէջ կը փնտռէ աշխարհին առջեւ վկաներ իր այս խօսքերուն համար. խաղաղութիւն ձեզի»։

Յիսուս կու գայ մեզ մխիթարելու

Տէրը երրորդ անգամ մըն ալ կը կրկնէ խաղաղութիւն ձեզի խօսքը առաջին երեւումէն ութը օր ետք, հաստատելու համար Թովմասին հաւատքը։ Թովմաս թերահաւատ է բայց Տէրը չի գայթակղիր այդ անհաւատութեան դիմաց այլ անոր ընդառաջ կ՜երթայ թոյլ տալով, որ Թովմաս իր մատը դնէ վէրքերուն մէջ եւ այս կ՜ընէ մղուած ողորմութենէն։ Յիսուս կը հասկնայ Թովմասին դժուարութիւնը, անոր հետ չի վարուիր խստութեամբ եւ առաքեալը անհաւատութենէն կը դառնայ հաւատացեալ դաւանելով «Տէր իմ եւ Աստուած իմ»։

«Մենք ալ կարող ենք կրկնել այս խօսքերը օրուան ընթացքին երբ կը գտնուինք տարակուսանքի եւ մթութեան մէջ, Թովմասի նման» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ Թովմասին մէջ կայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի պատմութիւնը։ Մենք ալ ունինք դժուար պահեր, ուր կ՜ապրինք հաւատքի տագնապներ ու կարիքը ունինք տեսնելու եւ դպչելու։ Եւ ահա Թովմասի նման մենք ալ կը փորձարկենք Տիրոջ սրտին քաղցրութիւնը, անոր ողորմութիւնը։ Յիսուս արդարեւ կու գայ մեզի մխիթարելու, իր վէրքերը նուիրելով։

Աստուածային ողորմութիւնը մեր տագնապներուն ու յոգնութիւններու ժամանակ յաճախ մեզ կը դնէ մերձաւորին տառապանքներուն հետ յարաբերութեան մէջ։ Երբ կը մտածէինք թէ մենք հասած ենք ցաւին գագաթնակէտը կը բացայայտենք թէ կայ մէկ մը, որ լռութեամբ կը հանդուրժէ մեզմէ աւելի ծանր ժամանակներ։

Ունկնդրել, ընկերանալ, մխիթարել

«Եւ երբ մենք հոգ կը տանինք մերձաւորին վէրքերուն ու այնտեղ կը դափենք ողորմութիւնը, մեր մէջ կը ծնի նոր յոյս մը, որ մեզ կը մխիթարէ յոգնութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները իրենք իրենց հարց տալու եթէ պատահած է, որ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն տարած են ուրիշներուն, եթէ գիտցած ենք ունկնդրել, ընկերանալ ու մխիթարել։

Երբ այս բաները կ՜ընենք կը հանդիպինք Յիսուսին, որ կեանքի ծանրութեան տակ բեռնաւորուած անձի աչքերով մեզի կը նայի ողորմութեամբ եւ կը կրկնէ «Խաղաղութիւն ձեզի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2022, 11:15