Որոնել

Մարիամի անարատ Սրտին նուիրագործման ներգործութիւն Մարիամի անարատ Սրտին նուիրագործման ներգործութիւն 

Մարիամի Անարատ Սրտին նուիրագործումի ներգործութիւն

Ստորեւ կը ներկայացնենք` մարդկութեան ու յատկապէս Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ Մարիամի Անարատ Սրտին նուիրագործումի ներգործութիւնը, զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի արտասանէ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ`ուրբաթ 25 մարտի յետմիջօրէին, Աւետման տօնին օրը նախատեսուած ապաշխարութեան արարողութեան աւարտին։

Արարողութիւնը սկիզբ կ՜առնէ Հռոմի ժամով 17-ին մինչ նուիրագործման ներգործութիւնը նախատեսուած է ժամը 18.30-ի շուրջ։ Սրբազան Քահանայապետը բոլոր եպիսկոպոսներէն եւ քահանաներէն ու նաեւ հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրեն միանան այս աղօթքով

ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԻ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԻԱՄԻ ԱՆԱՐԱՏ ՍՐՏԻՆ

Ով Մարիամ, Մայր Աստուծոյ եւ մեր Մայրը, մենք այս նեղութեան պահուն, քեզի կը դիմենք։ Դուն Մայր ես, մեզ կը սիրես եւ մեզ կը ճանչնաս. ոչ մէկ բան ծածուկ է քեզի մեր մտածումներէն։ Ողորմութեան Մայր, բազմիցս փորձարկեցինք քու նախախնամական քնքշութիւնդ, քու ներկայութիւնդ, որ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, որովհետեւ դուն միշտ մեզ կ՜առաջնորդես Յիսուսին` խաղաղութեան Իշխանին։

Բայց մենք կորսնցուցինք խաղաղութեան ուղին։ Մոռցանք անցեալ դարուն ողբերգութիւններուն դասը, համաշխարհային պատերազմներուն միլիոնաւոր զոհուածներուն զոհաբերումը։ Անտեսեցինք պարտաւորութիւնները, զոր ստանձնեցինք, որպէս Ազգերու Հասարակութիւն եւ կը դաւաճանենք ժողովուրդներուն խաղաղութեան երազները եւ երիտասարդներուն յոյսերը։ Հիւանդացանք ագահութեամբ, փակուեցանք ազգային շահերուն մէջ, թոյլ տուինք թառամիլ անտարբերութեամբ եւ անդամալոյծ դառնալ եսասիրութեամբ։ Նախընտրեցինք անտեսել Աստուած, ապրիլ մեր կեղծիքներով, սնուցել բռնութիւնը, սպաննել կեանքեր եւ կուտակել զէնքեր, մոռնալով, որ մենք պահապաններն ենք մեր մերձաւորին եւ միեւնոյն միասնական տան։ Պատերազմով յօշոտեցինք Երկրին պարտէզը, մեղքով վիրաւորեցինք մեր Հօր սիրտը, որ մեզ կ՜ուզէ իբրեւ եղբայրներ եւ քոյրեր։ Դարձանք անտարբեր բոլորին եւ ամէն բանի նկատմամբ, բացի մեզմէ։ Եւ ամօթով կ՜ըսենք. Ներէ մեզի Տէր։

Մեղքի թշուառութեան մէջ, մեր յոգնութիւններուն եւ դիւրաբեկութիւններուն մէջ, չարի եւ պատերազմի անօրինութեան խորհուրդին մէջ, դուն` Մայր սուրբ, մեզի կը յիշեցնես, որ Աստուած մեզ երբեք չի լքեր, այլ կը շարունակէ մեզի նայիլ սիրով, մեզ ներելու եւ վերականգնելու ցանկութեամբ։ Ան է` որ քեզ պարգեւեց մեզի, եւ քու անարատ Սրտիդ մէջ դրաւ Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան համար ապաստան մը։ Աստուածային բարութեամբ դուն մեր հետն ես և նոյնիսկ պատմութեան ամենանեղ դարձուածքներուն մէջ մեզ կ՜առաջնորդես քնքշութեամբ։

Առ այդ քեզի կը դիմենք, կը բախենք քու Սրտիդ դուռը, մենք, քու սիրելի զաւակներդ, որոնց ամէն ժամանակներու մէջ չես յոգնիր այցելելէ եւ զղջումի հրաւիրելէ։ Այս խաւար պահուն եկուր` մեզի օգնելու եւ մխիթարելու։ Իւրաքանչիւրիս կրկնէ. «միթէ ես հոս չե՞մ, ես` որ քու Մայրդ եմ»։ Դուն գիտես ինչպէս քակել մեր սրտին թնճուկները եւ մեր ժամանակներուն հանգոյցները։ Մեր վստահութիւնը կը դնենք քու վրադ։ Վստահ ենք, որ դուն, մասնաւորապէս փորձութեան պահուն, չես արհամարհեր մեր աղերսները եւ կը հասնիս մեր օգնութեան։

Այնպէս ըրիր Գալիլեայի Կանայի մէջ, երբ արագացուցիր Յիսուսին միջամտութեան ժամը եւ ներկայացուցիր անոր առաջին նշանը աշխարհին մէջ։ Երբ տօնախմբութիւնը վերափոխուած էր տխրութեան, անոր ըսիր. «Գինի չունին» (Յովհ. 2,3)։ Դարձեալ կրկնէ զայն Աստուծոյ, ով Մայր, որովհետեւ այսօր մենք վերջացուցինք յոյսի գինին, անհետացաւ ուրախութիւնը, ջուրի վերածուեցաւ եղբայրութիւնը։ Կորսնցուցինք մարդկայնութիւնը, վատնեցինք խաղաղութիւնը։ Կարող դարձանք ամէն տեսակ բռնութեան եւ կործանումի։ Հրատապ կարիքը ունինք քու մայրական միջամտութեանդ։

Ընկալէ ուրեմն ով Մայր մեր այս աղերսը.

Դուն` աստղ ծովու, թոյլ մի տար, որ նաւաբեկինք պատերազմի փոթորիկին մէջ։

Դուն` նոր ուխտի տապանակ, ներշնչէ հաշտութեան ծրագիրներ եւ ճանապարհներ։

Դուն` «Երկնային երկիր», Աստուծոյ համերաշխութիւնը վերադարձուր աշխարհ։

Մարէ ատելութիւնը, հանդարտեցուր վրէժխնդրութիւնը, մեզի սորվեցուր ներումը։

Ազատէ մեզ պատերազմէն, աշխարհը պահպանէ հիւլէականի սպառնալիքէն։

Վարդարանի Թագուհի, մեր մէջ արթնցուր աղօթելու եւ սիրելու կարիքը։

Մարդկային ընտանիքի Թագուհի, ցոյց տուր ժողովուրդներուն եղբայրութեան Ճանապարհը։

Խաղաղութեան Թագուհի, աշխարհին համար խաղաղութիւն ընդունէ։

Քու ողբդ, ով Մայր, թող շարժէ կարծրածած սիրտերը։ Արցունքները` որ թափեցիր մեզի համար, թող վերածաղկեցնեն այս հովիտը, զոր մեր ատելութիւնը ցամքեցուց։ Եւ մինչ զէնքերուն աղմուկը չի դադրիր, քու աղօթքդ մեզ տրամադրէ խաղաղութեան։ Քու մայրական ձեռքերդ թող շոյեն անոնք` որոնք կը փախչին եւ կը տառապին ռումբերու ծանրութեան տակ։ Քու մայրական գիրկդ թող մխիթարէ անոնք` որոնք ստիպուած են թողուլ իրենց տուները եւ իրենց Երկիրը։ Քու վշտահար Սիրտդ մեզ թող մղէ կարեկցութեան ու մեզ դրդէ` բանալու դռները եւ խնամելու վիրաւոր եւ մերժուած մարդկութիւնը։

Սուրբ Մայր Աստուծոյ, մինչ խաչին տակն էիր, Յիսուս, տեսնելով քու մօտդ կանգնող աշակերտը, քեզի ըսաւ. «Ահա քու որդիդ» (Յովհ. 19,26), այդպէսով քեզի յանձնեց մեզմէ իւրաքանչիւրս։ Ապա աշակերտին, մեզմէ իւրաքանչիւրիս ըսաւ. «Ահա քու մայրդ (Հ. 27)։ Մայր, այժմ կ՜ուզենք քեզ ընկալել մեր կեանքին ու մեր պատմութեան մէջ։ Այս պահուն մարդկութիւնը, հիւծած եւ վրդոված, խաչին տակն է քու հետդ։ Եւ պէտք ունի քեզի յանձնուելու, քու միջոցաւդ նուիրուելու Քրիստոսին։ Ուքրանացի եւ ռուս ժողովուրդները, սիրով քեզ կը մեծարեն, քեզի կը դիմեն, մինչ քու Սիրտդ կը տրոփէ անոնց համար եւ բոլոր ժողովուրդներուն համար, որոնք տասանորդուած են պատերազմէն, անօթութենէն, անարդարութենէն եւ թշուառութենէն։

Ուստի մենք, Մայր Աստուծոյ եւ մեր մայրը, Քու անարատ Սրտիդ հանդիսաւոր կերպով կը յանձնենք եւ կը նուիրենք մենք զմեզ, Եկեղեցին եւ համայն մարդկութիւնը, մասնաւորապէս Ռուսաստանն ու Ուքրանիան։ Ընդունէ մեր արարքը, որ կը կատարենք վստահութեամբ եւ սիրով, այնպէս ըրէ, որ դադրի պատերազմը, աշխարհին ապահովէ խաղաղութիւնը։ «Այո»ն, որ բխեցաւ Սիրտէդ` պատմութեան դուռը բացաւ խաղաղութեան Իշխանին առջեւ. Մենք վստահ ենք, որ անգամ մը եւս, քու Սիրտիդ միջոցաւ խաղաղութիւնը կու գայ։ Ուստի քեզի կը նուիրենք մարդկային համայն ընտանիքին ապագան, ժողովուրդներուն կարիքներն ու ակնկալիքները, աշխարհի տագնապներն ու յոյսերը:

Քո միջոցաւդ աստուածային Ողորմութիւնը թող յորդի երկրին վրայ և խաղաղութեան քաղցր զարկը վերադառնայ նշելու մեր օրերը: «Այո»-ի Կին, որուն վրայ իջաւ Սուրբ Հոգին, մեր մէջ վերահաստատէ Աստուծոյ ներդաշնակութիւնը։ Յագեցուր մեր սրտի չորութեան ծարաւը, դուն` որ «յոյսի կենդանի աղբիւր ես»։ Դուն մարդկութիւնը շաղկապեցիր Յիսուսին, մեզ դարձուր հաղորդութեան արհեստաւորներ։ Քալեցիր մեր ճանապարհներուն վրայ, առաջնորդէ մեզ խաղաղութեան արահետներուն վրայ: Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2022, 10:30