Որոնել

 Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւն։ Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւն։ 

Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւն։ Աղօթենք Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան կարիքներուն համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Պապը խնդրեց, որ այս շաբաթ իրեն ընկերանան քառասնորդացի հոգեւոր կրթութեան առթիւ, որ սկիզբ կ՜առնէ այսօր եւ պիտի աւարտի յառաջիկայ ուրբաթ 11 Մարտին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին

Այս տարի եւս համաճարակի պատճառաւ Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր կրթութիւնը պիտի չի կատարուի հասարակական կերպով Արիչչայի «Աստուածային Վարդապետ» հոգեւոր կրթութեան կեդրոնին մէջ, այլ` ինչպէս տեղեկացուած էր Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը անցեալ 20 Յունուարին, «իւրաքանչիւր անդամ անձնապէս պիտի հոգայ այդ շաբաթուան ամփոփումի պահերուն. աղօթքին եւ խորհրդածութիւններուն»։

6 Մարտի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Ուքրանիոյ համար ուղղած կոչէն ետք հաւատացեալներուն տեղեկացուց` թէ այսօր կէսօրէ ետք Հռոմի Քուրիայի համագործակիցներուն հետ պիտի սկսի Հոգեւոր Կրթութիւնը։ «Մեր աղօթքին մէջ կը կրենք Եկեղեցւոյ եւ մարդկային ընտանիքին համայն կարիքները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաւատացեալներէն խնդրելով, որ իրենք եւս աղօթեն իրեն եւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն համար։

Յայտնենք թէ այս շաբթուայ ընթացքին կասեցուած կը համարուին Սրբազան Քահանայապետին բոլոր գործունէութիւնները, ներառեալ չորեքշաբթի 9 մարտին ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2022, 13:50