Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆաթիմայի մէջ 2017-ին Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆաթիմայի մէջ 2017-ին 

25 Մարտին Քահանայապետը Ռուսաստանն ու Ուկրանիան պիտի նուիրէ Մարիամի Անարատ Սրտին.

Նուիրագործումի արարքը պիտի կատարուի Նորին Սրբութեան այդ օր ժամը 17-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ գլխաւորած ապաշխարութեան արարողութեան առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի յայտարարեց թէ յառաջիկայ 25 Մարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ռուսաստանն ու Ուկրանիան պիտի նուիրէ Մարիամի Անարատ Սրտին։

Նուիրագործումի արարքը պիտի կատարուի Նորին Սրբութեան այդ օր ժամը 17-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ գլխաւորած ապաշխարութեան արարողութեան առթիւ։ Նոյն օրը միեւնոյն այդ նուիրագործումը պիտի կատարուի նաեւ Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ Քահանայապետական ողորմաբաշխ եւ Սրբազան Պապին որպէս պատգամաւոր Կարդինալ Քրայեւսքիին կողմէ։

Նշենք թէ Տիրամայրը, 1917 թուականի յուլիսի 13-ին Ֆաթիմայի երևումներուն ժամանակ, խնդրած էր, որ Ռուսաստանը նուիրուի Իր Անարատ Սրտին՝ յայտարարելով, որ եթէ այս խնդրանքը չընդունուի, Ռուսաստանը «իր սխալները կը տարածէ աշխարհով մէկ՝ խթանելով Եկեղեցւոյ դէմ պատերազմներ եւ հալածանքները։ Բարիները – աւելցուցած էր Ան - պիտի նահատակուին, Քահանայապետը շատ պիտի տառապի, տարբեր ազգեր պիտի կործանուին»:

Ֆաթիմայի երեւումներէն ետք բազմաթիւ եղան Մարիամի Անարատ Սրտին նուիրագործումները, սկսեալ Պիոս ԺԲ Քահանայապետէն, որ 31 հոկտեմբեր 1942-ին, համայն աշխարհը, ապա 7 Յուլիս 1952-ին Ռուսիոյ ժողովուրդները նուիրեց Մարիամի Անարատ Սրտին։

Նոյնը կատարեց Պօղոս Զ Քահանայապետը 21 նոյեմբեր 1964-ին ի ներկայութեան Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի մասնակցող հայրերուն, իսկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը այդ մէկը կատարեց 7 Յունիս 1981-ին, Սուրբ Կոյսին նուիրելով աղօթք մը, որուն մէջ Ան Երկնաւոր Մօրմէն հայցեց, որ իր հովանիին տակ առնէ համայն մարդկային ընտանիքը, ապա մաղթեց, որ բոլորի համար մօտենայ խաղաղութեան եւ ազատութեան ժամանակը, ժամանակը` ճշմարտութեան, արդարութեան եւ յոյսի»։ Երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետը այդ նուիրագործումի արարքը կրկնեց Ֆաթիմայի մէջ` 13 Մայիս 1982ին, հուսկ 25 մարտ 1984-ին Ան աշխարհի բոլոր ժողովուրդները յանձնեց Սուրբ Կոյսի Անարատ Սրտին։

2000 Յունիսին այդ ժամանակուայ Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի քարտուղար Գերապայծառ Թարչիզիօ Պերթոնէ ընդգծած էր, թէ Քոյր Լուչիան, որուն յայտնուած էր Տիրամայրը Ֆաթիմայի մէջ, 1989 թուակիր նամակի մը մէջ հաստատած էր թէ նուիրագործումի տիեզերական արարքը կը համապատասխանէ Տիրամօր խնդրանքին։ «Այդպէս է` որ խնդրած էր Տիրամայրը» գրած էր Քոյր Լուչիան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2022, 18:08