Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի լիագումար նիստի մասնակցողներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 18 փետրուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները, որոնց շարքին էր նաեւ Ամեն. եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի լիագումար նիստի մասնակցողներուն եւ այս առթիւ անոնց ուղղած իր ճառին սկիզբը նախ մատնանշեց առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի մէջ անոնց մատուցած պատարագին ապա յիշեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին հիմնադիր Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետն ու անոր մահուան հարիւր ամեակը յայտնելով որ «Անոր է որ կ՜երթայ մեր երախտապարտ յիշողութիւնը»։
Քահանայապետերուն խաղաղութեան կոչերը մնացին աննկատ
Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց նաեւ թէ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԵ պատերազմը որակած էր «անիմաստ սպանդ» ու թէ անոր այս նախազգուշացումը «աննկատ մնաց համաշխարհային առաջին պատերազմին մէջ ներգրաւուած ազգերու ղեկավարներու կողմէ», ինչպէս «աննկատ մնաց նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին կոչը` կանխելու համար Իրաքի պատերազմը», ըսաւ Սրբազան Պապը, նկատել տալով` որ «մարդկութիւնը տակաւին կը տարուբերուի խաւարին մէջ» ու «կը շարունակենք ականատես ըլլալ բազմաթիւ հակամարտութիւններու»` Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս Սուրիան եւ Իրաքը, կամ Եթովպական տարածաշրջանի Թիկրայ նահանգը, մինչ «սպառնացող քամիներ կը փչեն Արեւելեան Եւրոպայի վրայ» ու կը շարունակուի Լիբանանին ողբերգութիւնը, ուր բազմաթիւ մարդիկ առանց հացի մնացած են ու երիտասարդներ եւ մեծահասակներ կորսնցուցին յոյսը եւ կը հեռանան այդ երկիրներէն։
Միջին Արեւելքը կաթողիկէ եկեղեցներու օրրան է
«Այս երկիրները սակայն Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն հայրենիքն են. Այնտեղ է` որ զարգացան անոնց դարաւոր աւանդութիւնները ու վկայուեցաւ հերոսական հաւատքը» նշեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, մատնանշելով նոր իրականութեան մը, որ կը տեսնէ բազմաթիւ Արեւելեան եկեղեցիներու պատկան հաւատացեալները, որոնք գաղթած են այլուր եւ ուր ստեղծուած են նոր ծուխեր, Քանատայի, ԱՄՆ-ի Եւրոպայի, Լատին Ամերիկայի եւ այլուր, ուր Արեւելեան ծէսերու պատկան հաւացեալներուն հովուական հոգատարութիւնը ժամանակաւորապէս վստահուած է տեղւոյն լատին եպիսկոպոսին, որ` կանոնական սահմաններուն մէջ, կը համադրէ հովուական գործունէութիւնը այնտեղ ուղարկուած Արեւելեան ծէսերու պատկան քահանաներուն միջնորդութեամբ։
Աւետարանութիւնը եկեղեցւոյ ինքնութիւն
«Ասոր համար է` որ ձեր ժողովները անդրադարձան աւետարանութեան, որ կը կազմէ Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը եւ առ աւելին իւրաքանչիւր մկրտեալի կոչումը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով Արեւելեան Եկեղեցիներու իւրայատկութեան ու անոնց տարբերութիւններուն հանդերձ` հարստութեան, նաեւ ծիսական մարզէն ու խորհուրդներու մատակարարումի ծիրէն ներս։
Սիւնհոդոսը` միասին քալել է
Քահանայապետը անդրադարձ կատարեց Սիւնոհոդսկանութեան նիւթին հաստատելով` որ «սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ, մեր միջեւ տարբեր գաղափարներու փոխանակում մը չէ որոնց հիման վրայ եզրակացութեան հասնինք կամ քուէներ տանք. Ոչ։ Սիւնհոդոսական ընթացքը միասին քալել է Սուրբ Հոգիի անառաջնորդութեամբ եւ դուք ձեր եկեղեցիներուն մէջ ունիք սիւնհոդոսներ, սիւնհոդոսի հինաւուրց աւանդութիւններ եւ վկայ էք այս մէկին» յարեց Սրբազան Պապը որ ակնարկեց նաեւ այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարուած ծիսական համագումարին ու այդ համագումարի աշխատանքներուն, որոնց միտում էր ներդաշնակութիւն գտնել ու դիմագրաւել ծիսական աւանդութիւններուն պահապանումի ու անոնց մեր պարած ժամանակներուն պատշաճեցումի հարցերը։
Հեռու մնալ միութիւն խաթարող եւ գայթակղեցուցիչ քայլերէ
Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ուշադիր ըլլալ «փորձերուն, որոնք կարող են վնաս հասցնել Քրիստոսի աշակերտներուն տեսանելի միասնութեան ճանապարհին», նշելով` որ «թէեւ տակաւին չկայ լիակատար միութիւնը, Օրթոտոքս եկեղեցիներու մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզի կը նային» ու թէ յաճախ միեւնոյնն են մեր օգտագործած ծիսական սովորութիւններն ու աղօթքները։
«Աշխարհը կարիքը ունի հաղորդութեան վկայութեան. եթէ մենք ծիսական վէճերով գայթակղութիւն յառաջացնենք, ուրիշ բան չենք ընէր եթէ ոչ խաղալ խաղն անոր որ բաժանումին տէրն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ճառը աւարտեց ներկաներէն խնդրելով, որ իրենց հաւատացեալներուն փոխանցեն իր քաջալերանքն ու օրհնութիւնը, ապա սովորութեան համաձայն խնդրեց` որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ