Որոնել

Սուրբ Իրէնէոս Սուրբ Իրէնէոս 

Սուրբ Իրէնէոսը եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուեցաւ «Միութեան» վարդապետ տիտղոսով

Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրը սուրբ Իրէնէոսը եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 21 յունուարին եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուեցաւ սուրբ Իրէնէսոը ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրին հրապարակումով։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ հինգշաբթի, 20 յունուարին, ընդունելով  սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը ու ընդառաջելով կարդինալներու եւ սուրբերու դատի ժողովի անդամ եպիսկոպոսներուն ընդհանուր ժողովէն բխած Սուրբ Ireneo-ն Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու դրական կարծիքը, ուրբաթ 20 յունուարին յատուկ հրամանագիրով Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակեց Սուրբ Իրէնէոսը տալով անոր միութեան վարդապետ տիտղոսը։

Հրամանագիրին մէջ Սրբազան Հայրը գրած է

«Լիոնի Սուրբ Իրէնէոսը, եկած է Արեւելքէն ու իր եպիսկոպոսական պաշտօնը կատարած է Արեւմուտքի մէջ, ան եղած է հոգեւորականութեան եւ Աստուածաբանութեան կամուրջ արեւմուտքի եւ արեւելքի քրիստոնեաներու միջեւ։ Անոր անունը Իրէնէոս կ՝արտայայտէ այն խաղաղութիւն  որ կու գայ Տիրոջմէ եւ կը հաշտեցնէ, վերահաստատելով միութեան մէջ։ Այս պատճառներու համար , սուրբերու դատի ժողովին կարծիքը առնելէ ետք, իմ առաքելական իշխանութեամբ զինք կը հռչակեմ Եկեղեցւոյ վարդապետ  «Doctor unitatis» միութեան վարդապետ տիտղոսով։

Թող այս մեծ վարդապետին վարդապետութիւնը կարենայ միշտ աւելի քաջալերել Տիրոջ բոլոր առաքեալները դէպի լիակատար հաղորդութիւնը։»

Վատիկան 21 յունուար 2022ին։ 

Սուրբ Իրէնէոսին գործերը

Յայտնենք, որ Սուրբ Իրէնէոսէն մեզի հասած են երկու գիրքեր։ Առաջինը կը կրէ «ընդդէմ հերետիկոսներու» տիտղոսը, որուն լատիներէն թարգմանութիւնը պահպանուած է ամբողջութեամբ։ Իսկ երկրորդ գիրքը կը կրէ «ներկայացում առաքելական քարոզչութեան» վերնագիրը, որուն հայերէն լեզուով թարգմանութիւնը գտնուած է 1904 թուականին, ու կը պարունակէ քրիստոնէական վարդապետութեան համառօտութիւնը, համարուելով քրիստոնէական վարդապետութեան ամենահին քրիստոնէականը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2022, 12:05