Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պոսնիա–Հերցեկովինայի նախագահական վարչաձեւի նախագահ տիար Տիար Չէլքիքօ Քոզմիչ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պոսնիա–Հերցեկովինայի նախագահական վարչաձեւի նախագահ տիար Տիար Չէլքիքօ Քոզմիչ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոսնիա–Հերցեկովինայի նախագահական վարչաձեւի նախագահ տիար Չէլքիքօ Քոզմիչ

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկրի մէջ տիրող վիճակին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 16 յունուարին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոսնիա-Հերցեկովինայ նախագահական վարչաձեւի նախագահ, տիար Զէլքիքօ Քոզմիչը։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի այլ պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Կալակերին հետ։ Այս մասին լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուեցաւ նաեւ, թէ Հանդիպումները տեղի ունեցան  սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին գոհունակութեամբ արտայայտուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն գծով ու ընդգծեցինախագահական վարչաձեւին առաջնահերթութիւնը։

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկրին ներկայ իրավիճակին, հաստատելով զարգացնել դատական եւ ընկերային հաւասարութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք կը պատկանին մաս կազմող ժողովուրդներուն։

Քննարկումի նիւթ եղած է տարածաշրջանային հարցեր, որոնց շարքին արեւմտեան Պալքան երկիրներու իրավիճակը եւ Եւրոպական միութեան ընդլայնման կացութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2022, 13:28