Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ Համամիութենական պատուիրակութեան հետ ֆրանչիսկոս Պապ Համամիութենական պատուիրակութեան հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աստուծոյ շնորհալի լոյսը կը փարատէ բաժանումներուն խաւարը։»

Ֆրանչիկոս Պապին հանդիպումը Ֆինլանտիայէն ժամանած համամիութենական պատուիրակութեան հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆինլատիայէն ժամանած համամիութենական պատուիրակութիւն մը, որոնք Հռոմ եկած են ուխտագնացութիւն կատարելու Սուրբ Հէնրիքի տօնին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած պատգամի սկիզբը Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ համամիութենական պատուիրակութեան այցելութիւնը կը զուգադիպի եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթուան սեմին։ Միութեան աղօթքի շաբաթուան նիւթը քաղուած է Մատթէոսի աւետարանէն, «արեւելքին մէջ աստղը տեսանք եւ եկանք, երկրպագութիւն ընելու։»

ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ մոգերը իրենց նպատակին հասան, որովհետեւ Յիսուսը փնտռեցին ու Յիսուս աստղի նշանով իրենց փնտռտուքին անձը դարձաւ։

Կեանքը որոնումի ուղեւորութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ հաճելի է կեանքը այսպէս հասկնալ՝ իբրեւ որոնումի ուղեւորութիւն, որ մեզմէ չսկսիր, այլ Անորմէ, որ առաջինն է որ մեզ կը փնտռէ ու Իր շնորհքով կը ներգրաւէ ։

Խօսելով միասին քալելու կարեւորութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Ան որ Աստուծոյ շնորհքին ենթակայ է այդ անձը երբեք չներփակուիր, այլ միշտ ուղեւորութեան մէջ կը գտնուի՝ յառաջ ընթանալու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր արժեւորեց պատուիրակութեան միասնական ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ, յայտնելով որ եկեղեցական աւանդութիւնը մոգերուն մէջ միշտ ճանչցած է մշակոյթներու եւ տարբեր ժողովուրդներու ներկայացուցիչները։ Ան ապա յորդորեց իրար զիրար օգնել համամիութենական ուխտագնացութեան մէջ, երթալու համար միշտ դէպի Աստուած, ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ Պենտետիտոսը ըսաւ Սրբազան Հայրը, քաջալերելով դժուարութիւններուն դիմաց հեզութեամբ, համբերութեամբ միասնաբար ընթանալ, փոխադարձ օգնութեամբ։

2025ին կը նշուի Նիկիոյ տիեզերական ժողովին 1500 ամեակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց, որ 2025 թուականին կը նշուի Նիկիոյ տիեզերական ժողովին 1500 ամեակը, որուն Երրորդութեան եւ Քրիստոսադաւանութեան դաւանանքը կը ճանչնայ Յիսուսը ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ Աստուծմէ ու բոլոր մկրտեալները կը միացնէ։
Ի տես սոյն յիշատակին Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց խանդավառութեամբ միասնաբար քալել՝ Քրիստոսի ուղիին վրայէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ, որ 2030ին կը նշուի Աուկուսդայի դաւանանքի 500 ամեակը, որ քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումի օրերուն փորձեց պահպանել միութիւնը, որունւոգեկոչումը բեղուն առիթ է հաղորդութեան ուղեւորութեան մէջ ամրապնդուելու, Աստուծոյ կամքին աւելի հեզ դառնալով եւ ոչ մարդկային տրամաբանութիւններուն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ան ապա եզրափակեց իր պատգամը քաջալերելով յառաջ ընթանալ Աստուած որոնելու մէջ, հայեացքը սեւեռելով Յիսուսի վրայ եւ միանալով աղօթքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել Տէրունական աղօթքը իւրաքանչիւրը իր լեզուով։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2022, 11:16