Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին աղօթքը Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար

Ֆրանչիսկոս Պապը 26 յունուարը առաջարկած էր որպէս աղօթքի օր` Ուքրանիոյ դիտաւորութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 26 յունուարին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ողջունելէ ետք տարեցները, հիւանդները, երիտասարդները ու նորապսակեալները ֆրանչիսկոս Պապ նախ յիշեց հրէաներու ողջակիզման զոհերու նուիրուած միջազգային օրը ապա կոչ ուղղեց խնդրելով Հայր մեր Տէրունական աղօթքը արտասանել Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ի սպաս։   

Ունկնդրէ լուրը

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Պապը հրաւիրելով աղօթել Տէրունական աղօթքը Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ի նպաստ ըսաւ. «կը խնդրեմ աղօթել Հայր մերը ու զայն յաճախ կրկնել օրուան ընթացքին, յամառօրէն խնդրելով Տիրոջմէ որ Ուքրանիան կարենայ տեսնել եղբայրութեան ծաղկումը ու յաղթահարէ վէրքերը, բաժանումներն ու վախերը։

Քահանայապետը մաղթեց նաեւ, որ այսօրուան աղօթքներն ու խնդրանքները բարձրանան դէպի երկինք ու դպչին Երկրի մէջ բոլոր պատասխանատուներու սիրտերուն, որպէսզի կարենան գերակշռել երկխօսութիւնը ու հասարակաց բարիքը դրուի սեփական շահերէն առաջ։

Ան ապա հրաւիրեց աղօթել Հայր Մեր աղօթքը յայտնելով թէ աղօթքը զաւակներու աղօթքն է որ կը դիմեն միեւնոյն Հօր, աղօթք մըն է որ կ՝եղբայրացնէ. եղբայրներու աղօթք է որոնք ներդաշնակութիւն եւ հաշտութիւն կը հայցեն, ըսաւ Սրբազան Հայր: 

Յայտնենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ կիրակի օր, հրեշտակ Տեառն աղօթքի առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութենէն ետք հաւատացեալներէն խնդրեց նաեւ որ աղօթեն Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար ապա 26 յունուարը առաջարկեց որ դառնայ աղօթքի օր Ուքրանիոյ դիտաւորութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2022, 10:00