Որոնել

Սուրբ Երկրի Պահակ եղբայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնը Սուրբ Երկրի Պահակ եղբայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնը 

Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն կը շնորհէ Սուրբ Երկրի Պահակութեան «հաղորդակցութեան գործիչներուն»

Նորին Սրբութեան ունկնդրութիւնը կը զուգադիպի «Terrasanta» պարբերաթերթին հիմնադրութեան հարիւրամեակին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ երկուշաբթի 17 Յունուար 2022ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա սրահէն ներս պիտի ընդունի յիսուն հոգիէ բաղկացած Սուրբ Երկրի Պահակութեան հաղորդակցութեան գործիչներու պատուիրակութիւն մը, «Terrasanta» պարբերաթերթին հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով։

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ Երկրի Պահակ եղբայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնը։

«Terrasanta» երկամսեայ պարբերաթերթը հիմնուած է Երուսաղէմի մէջ 1921 թուականին եւ կը հրատարակուի վեց լեզուներով` իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, փորթուկալներէն, սպաներէն եւ արաբերէն։ Անոր պարտականութիւններէն է պատմել «Սուրբ երկրին սքանչելիքները» եւ Ֆրանչիսկեան միաբնութեան կրցեր եղբայրներու յանձնառումը` Պաղեստինի, Յորդանանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի մի քանի կղզիներուն մէջ։

Շնորհիւ մասնագէտներու ներդրումներուն, որոնց շարքին բազմաթիւ Ֆրանչիսկեան հայրեր, Պարբերաթերթը կը ներկայանայ որպէս գործիք, աւելի մօտէն ճանչնալու Սուրբ Երկիրը, քննարկելով կրօնական, մշակութային, աստուածաշնչական, հնագիտական եւ համամիութենական թեմաներ։

Պարբերաթերթին հրատարակումը կ՛երաշխաւորէ «Սուրբ Երկիր Հիմնադրամը» որ կը հոգայ նաեւ այլ հրատարակութիւններու ու մշակութային ձեռնարկներու մատակարարումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2022, 09:24