Որոնել

Աստուծոյ Խօսքի կիրակիին սուրբ պատարագը Աստուծոյ Խօսքի կիրակիին սուրբ պատարագը

«Աստուծոյ խօսքը ընտրենք` որպէս կեանքի կեդրոն». «Աստուծոյ Խօսքի» կիրակիին Քահանայապետին քարոզը

Արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ընթերցողութեան եւ կրօնուսոյցի կարգերը շնորհեց ութը ընթերցանողներու` վեց կին եւ երկու այր մարդ եւ ութը կրօնուսոյցներու` հինգ այր մարդ եւ երեք կին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուծոյ սուրբ ժողովրդի կեանքի և հաւատքի ճանապարհի կենտրոնին մէջ մենք չկանք մեր խօսքերով։ Կենտրոնին մէջ կայ Աստուած իր խօսքով: Ամէն ինչ սկիզբ առաւ Խօսքէն, զոր Աստուած մեզի ուղղեց: Քրիստոսի՝ իր յաւերժական Խօսքին մէջ, Հայրը «ընտրեց մեզ աշխարհի ստեղծումէն առաջ» (Եփես. 1:4): Իր Խօսքով Ան ստեղծեց տիեզերքը. «Ան խօսեցաւ, և ամէն ինչ ստեղծուեցաւ» (Սաղմ. 33.9)»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր քարոզը` «Աստուծոյ Խօսքի» կիրակիին առթիւ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին։

Աստուծոյ խօսքը իրականացաւ Յիսուսին մէջ

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները եւ ակնարկելով Յիսուսին Նազարէթի Ժողովարան այցելութեան ու այնտեղ անոր կատարած ընթերցումին` Եսայի Մարգարէի գիրքէն (Ղուկ. 4 16-21) ինչպէս նաեւ անոր Յիսուսին արտասանած «Այսօր այս գրուածքը. զոր դուք լսեցիք իրականացաւ» խօսքին, Սրբազան Պապը հաստատեց, որ Աստուծոյ խօսքը այլեւս խոստում մը չէ, այլ իրականացաւ։ Ան Յիսուսին մէջ դարձաւ մարմին։ Եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եկաւ բնակելու մեր մէջ եւ կ՜ուզէ մնալ մեր հետ դարմանելու համար մեր վէրքերը եւ լիացնելու մեր սպասումները»։

«Մեր աչքերը ուղիղ սեւեռած պահենք Յիսուսին վրայ, նման Նազարէթի ժողովարանի մարդոց» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով խորհրդածել Խօսքին երկու երեւոյթներու վրայ. Խօսքը որ մեզի կը յայտնէ Աստուած եւ Խօսքը որ մեզ կը տանի դէպի մարդը»։

Խօսքը Աստուած կը բացայայտէ

Յիսուս իր առաքելութեան սկիզբը մեկնաբանելով Եսայիա մարգարէին խօսքերը կը հռչակէ յստակ ընտրանքը մը. Եկած է քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն, գերիներուն աւետելու ազատութիւն» (Ղուկ. 4, 18) եւ այդպէս է` որ Ան սուրբ գրութիւններուն ընդմէջէն «մեզի կը բացայայտէ Աստուծոյ դէմքը, որպէս Ան` որ հոգ կը տանի մեր աղքատութեան եւ ի սիրտ ունի մեր ճակատագիրը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «Աստուած մեզմէ անջատուած իրականութիւն մը չէ» Ան մեր հետն է ու կը ներգրաւուի մեր կեանքին մէջ մինչեւ այն աստիճան, որ կու լայ մեր իսկ արցունքներով։

«Անիկայ անտարբեր Աստուած մը չէ` մեզի մօտիկ է ու հոգ կը տանի մեզի» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ Աստուած այդ մէկը կը կատարէ իր Խօսքով, որով մեզի կը խօսի, արծարծելու համար յոյսը` մեր վախերու մոխիրներուն մէջ ու մեզի վերագտնել տալու ուրախութիւնը տխրութեան լաբիրինթոսներուն մէջ, յոյսով լեցնելու մեր առանձնութեան դառնութիւնը»։

Խօսքը մեկնակէտ

Դարձի գալու համար դէպի իսկական Աստուածը Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ մեկնակէտը` Խօսքը։ խօսքը մեզի կը պատմէ Աստուծոյ մեր հանդէպ ունեցած սիրոյ պատմութիւնը։ Ան կը տապալէ սուտ կուռքերը, կը դիմակազերծէ մեր տեսութիւնները ու մեզ կը տանի իսկական դէմքին` Աստուծոյ ողորմութեան։ Ան կը սնուցէ եւ կը նորոգէ մեր հաւատքը. Ուստի հարկաւոր է զայն դնել մեր աղօթքներուն ու հոգեւոր կեանքին կեդրոնը։

Խօսքը մեզ կը տանի մարդուն

Մատնանշելով երկրորդ երեւութին` «Խօսքը մեզ կը տանի մարդուն», Սրբազան Պապը դիտել տուաւ, որ «երբ կը յայտնաբերենք` թէ Աստուած գթառատ սէր է, կը յաղթահարենք փորձութիւնը մենք մեզ փակելու կրօնականութեան սրբութեան մէջ, որ կը վերածուի արտաքին պաշտամունքի ու չի դպչիր կեանքին, ոչ ալ կը փոխէ զայն»։

«Խօսքը մեզ կը մեղէ մեզմէ դուրս, որպէսզի ուղեւորութեան մէջ դնենք մենք զմեզ դէպի մեր եղբայրները, միայն Աստուծոյ ազատարար սիրոյ հեզ զօրութեամբ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, ակնարկելով Յիսուսին առաքելութեան, որ եկած է ազատելու մեզ մեր հոգիները կաշկանդող կապանքներն, հանդիպելով մեր վիրաւոր մարդկութեան։

Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը փոխէ

«Այս պահուն, երբ եկեղեցւոյ մէջ կան կարծրութեան գայթակղութիւններ, որոնք այլասեռութիւն են, և կը կարծուի, որ Աստուած գտնելը կը նշանակէ դառնալ աւելի կարծր, աւելի կոշտ, , աւելի շատ կանոններով, աւելի ուղիղ, աւելի թափանցիկ....Բայց անիկա այդպէս չէ: Որովհետեւ երբ տեսնենք կոշտ առաջարկներ, կարծրութիւն, անմիջապէս կը մտածենք՝ սա կուռք է, Աստուած չէ, մեր Աստուածը այդպիսին չէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց. «Աստուծոյ խօսքը մեզ կը փոխէ։ Կարծրութիւնը չի փոխեր։ Աստուծոյ Խօսքն է որ կը փոխէ։ Ան մէկ կողմէն մեզ կը մխիթարէ մեզի բացայայտելով Աստուծոյ դիմագիծը եւ միւս կողմէն մեզ կը ցնցէ մեզ դնելով մեր հակասութիւններուն առջեւ։ Ան մեզ կը հրաւիրէ հարցերու ետին չի պահուըտելու ու կը խրախուսէ գործելու` միացնելով Աստուծոյ պաշտամունքը մարդուն հոգատարութեան։

«Ան մեզ կը դնէ կեանքի ամենօրեայ իրադարձութիւններուն մէջ անսալու համար մեր տառապեալ եղբայրներուն, աղքատներու ձայնին, բռնութիւններուն եւ անարդարութիւններուն, որոնք կը վիրաւորեն ընկերութիւնն ու տիեզերքը, որպէսզի չըլլանք անտարբեր քրիստոնեաներ, այլ գործունեայ, ստեղծագործ եւ մարգարէական», ըսաւ հուսկ Քահանայապետը հրաւէր ու կոչ ուղղելով նմանելու Յիսուսին` դառնալով ուրիշներուն համար ազատութեան եւ մխիթարութեան առաքեալներ, ըլլալու Աստուծոյ Խօսքին հնազանդ եկեղեցի, որ կ՜ունկնդրէ միւսները ու յանձնառու է երկարելու իր ձեռքը հարստահարուած եղբօրն ու քրոջը, քակելու վախի հանգոյցները, ու փրկելու դիւրաբեկները աղքատութեան բանտէն, ներքին յոգնութենէն եւ կեանքը մարող տխրութենէն։

Սիրենք սուրբ գրութիւնները

Քահանայապետը քարոզը աւարտեց ակնարկելով սուրբ զոհին առթիւ մի քանի թեկնածուներուն ընթերցողութեան ու կրօնուսոյցի կարգերու շնորհումին, որոնք «կանչուած են կարեւոր մէկ պարտականութեան մը` ծառայելու համար Յիսուսի Աւետարանին, զայն հռչակելու, որպէսզի անոր մխիթարութիւնը, անոր ուրախութիւնն ու փրկութիւնը հասնի բոլորին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով` որ «այս է մեզմէ իւրաքանչիւրիս առաքելութիւնը. ըլլալ հաւատալի աւետաւորներ, աշխարհին մէջ Խօսքին մարգարէներ»։

«Ուստի սիրենք սուրբ գրութիւնները թոյլ տանք, որ մեր մէջ ներթափանցէ Խօսքը, որ կը բացայայտէ Աստուծոյ նորութիւնները ու մեզ կը մղէ սիրելու միւսները` առանց յոգնելու։ Աստուծոյ Խօսքը զետեղենք հովուական ծառայութեան եւ կեանքին կեդրոնը։ Ունկնդրենք զայն, աղօթենք եւ ի գործ դնենք զայն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակով քարոզը։

Ընթերցողութեան եւ կրօնուսուցումի կարգերու շնորհում

Նշենք թէ արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ընթերցողութեան եւ կրօնուսոյցի կարգերը շնորհեց ութը ընթերցողներու` վեց կին եւ երկու այր մարդ եւ ութը կրօնուսոյցներու` հինգ այր մարդ եւ երեք կին։

«Ընդունէ Սուրբ Գրութիւններուն գիրքը եւ Աստուծոյ Խօսքը փոխանցէ` որպէսզի ան ծիլ տայ եւ պտղաբերէ մարդոց սրտին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը Սուրբ Գիրքի օրինակ մը յանձնելով «ընթերցողութեան» կարգը ընդունողներուն, մինչ կրօնուսոյցներուն յանձնեց Սուրբ Խաչը ըսելով. «Ընդունէ մեր հաւատքի նշանը, Քրիստոսի ճշմարտութեան եւ սիրոյ աթոռ, եւ հռչակէ զԱյն կեանքով, գործով եւ խօսքով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2022, 10:28