Որոնել

1611668681722.jpg

Շոա. «Այս անասելի դաժանութիւնը պէտք չէ երբեք կրկնուի». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Անիկա պէտք չէ մոռացութեան մատնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ կառուցել ապագայ մը, ուր մարդկային արժանապատուութիւնը այլեւս ոտնահարուած չ՝ըլլայ»
Հրէաներու ողջակիզման զոհերու յիշատակին նուիրուած միջազգային օր

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժին

Հրէաներու ողջակիզման զոհերու յիշատակին նուիրուած միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին կոչ ուղղեց յիշել այդ ողբերգութիւնը եւ խթանել պատմութեան գիտակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կառուցել ապագայ մը, ուր յարգուի մարդկային արժանապատուութիւնը։

«Վաղը կը նշուի Հոլոքոստի զոհերուն յիշատակի միջազգային Օրը։ Անհրաժեշտ է յիշել միլիոնաւոր հրէաներու ոչնչացումը, տարբեր ազգութեամբ եւ կրօնական հաւատքի պատկան անձեր» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Այս անասելի դաժանութիւնը պէտք չէ երբեք կրկնուի» հաստատեց Ան կոչ ուղղելով բոլորին, ու մասնաւորապէս «ընտանիքներուն եւ դաստիարակներուն», որպէսզի «նոր սերունդներուն մէջ խթանեն պատմութեան այդ ահռելի սեւ էջին սարսափի գիտակցութիւնը»։

«Անիկա պէտք չէ մոռացութեան մատնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ կառուցել ապագայ մը, ուր մարդկային արժանապատուութիւնը այլեւս ոտնահարուած չ՝ըլլայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2022, 11:00