Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ Ժամասացութեան արարողութիւն Սուբր Պօղոսի տաճարէն ներս (Արխիւ) Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ Ժամասացութեան արարողութիւն Սուբր Պօղոսի տաճարէն ներս (Արխիւ) 

Քահանայապետը կ՜եզրափակէ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան արարողութիւնները։

Այս տարուան քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթուան նիւթը ընտրուած է միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ ոգեկոչելու համար Մոգերու փորձառութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռին ծիսական արարողութիւններու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի, 25 յունուարին, յետմիջօրէին ժամը 5ին, Հռոմի Սուրբ Պօղոս անուան տաճարէն ներս, կը նախագահէ Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնին առթիւ ժամասացութեան արարողութիւնը՝ փակելով Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, որուն այս տարուան նիւթն է Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած հատուածը։ «Անոր աստղը տեսանք արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու անոր» (Մատթ 2,2)

Յայտնենք, որ անցեալ տարին քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը եզրափակեց, քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Քուրտ Քոխը, փոխարինելով ֆրանչիսկոս Պապին, որ անհանգիստ էր։

2022 տարուան քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը տեղի կ՝ունենայ 18-էն-25 յունուարին ու կը ներառէ համայն աշխարհի քրիստոնեայ եկեղեցիներն ու դաւանանքները։ Այս տարուան քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթուան նիւթը ընտրուած է միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ ոգեկոչելու համար Մոգերու փորձառութիւնը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առօրեայ նիւթերու տիտղոսները։

Առաջին օրուան նիւթին տիտղոսն է «անոր աստղը տեսանք»

Երկրորդ՝ «Ո՞ւր է հրէաներու թագաւորը որ ծնաւ»։

Երրորդ՝ «Այս լսելով՝ Հերովդէս թագաւորը խռովեցաւ եւ բոլոր երուսաղէմն ալ իրեն հետ։»

Չորրորդ՝ «Դուն Բեթղեհէմ Յուդայի քաղաքներուն ամենէն փոքրը քաղաքը չես

Հինգերորդ՝ «աստղը զոր տեսեր էին արեւելքին մէջ առաջնորդեց զիրենք»

Վեցերորդ օր, «տեսան մանուկն ու անոր Մայրը Մարիամ։Ծունկի եկան ու երկրպագեցին։

Եօթներորդ օրուան նիւթն է,« բանալով իրենց գանձերը՝ ընծաներ տուին անոր ոսկի կնդրուկ եւ զմուռս։

Իսկ՝ վերջին օրուան նիւթին տիտղոսն է «ուրիշ ճամբով դարձան իրենց աշխարհը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2022, 09:47