Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին քաջալերանքի տեսանիւթը Լա Փալմայի բնակչութեան։

Նորին Սրբութեան տեսանիւթը արձանագրեց ու սփռեց Սպանացի եպիսկոպոս մը իր ձեռքի հեռաձայնով

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերանքի տեսանիւթով մը իր մօտիկութիւնը յայտնեց հրաբուխէն տուժած Լա Փալմա բնակիչներուն, որոնք վեց ամիսէ ի վեր կը տառապին, 19 սեպտեմբերէն սկսած հրաբուխի ժայթքումէն, որ տեւեց մինչեւ 13 դեկտեմբեր։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութեան տեսանիւթը արձանագրեց Սպանիոյ եպիսկոպոսաց դասէն, Թեներիֆի թեմի եպիսկոպոսը, ֆրանչիսկոս Պապին հետ եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս կայացած հանդիպումի ընթաքցին։ Ֆրանչիսկոս Պապին քաջալերանքի տեսանիւթն ու լուրը հաղորդեց Սպանիոյ եպիսկուոսաց դասը։

Տեսերիզին մէջ Սրբազան Հայրը Լա Փալմայի բնակիչներուն ըսաւ.

«Ձեզի ընկերացայ հրաբուխի ժայթքումին պահուն, կ՝ընկերանամ նաեւ վերակառուցման աշխատանքներուն։Այո՛ դժուար ժամանակ է՝ սակայն պէտք չէ յանձնատուր ըլլալ, հարկ է միշտ յառաջ երթալ։ Վերակառուցել կը նշանակէ միշտ յառաջ երթալ կը նշանակէ թէ պարտութիւնը չ՝ունի վերջին խօսքը, ինչպէս նաեւ պէտք չէ յոգնիլ հորիզոնին նայելէն։ Դժուար է՝  սակայն պէտք չէ յուսահատիլ։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա քաջալերանքի պատգամը աւարտեց իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ապահովելով Լա Փալմայի համայն համայնքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2022, 09:21