Որոնել

Ֆիլիփինեան կղզեխումբը հարուածող «Ռայ» պտտահողմին հետեւանքները Ֆիլիփինեան կղզեխումբը հարուածող «Ռայ» պտտահողմին հետեւանքները 

Քահանայապետին աջակցութիւնը Ֆիլիփինեան կղզեխումբին եւ Լեհաստանի ու Պիելոռուսիոյ սահմանի վրայ գաղթականներուն։

Սրբազան Պապը Մարդկային համապարփակ զարգացումի խթանման ծառայութեան բաժանմունքին միջոցաւ 100 հազար եւրօ օգնութիւն ուղարկած է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆիլիփինեան կղզեխումբը հարուածող «Ռայ» պտտահողմէն յետոյ, որուն արտասովոր ուժգնութիւնը, ըստ ՄԱԿ-ի աղբիւրներուն, նիւթական զգալի վնասներ պատճառեց երկրի 11 շրջաններու մօտ 8 միլիոն մարդոց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որոշեց 100 հազար եւրոյի գումար մը ուղարկել բնակչութեան որպէս անմիջական օգնութիւն` Մարդկային համապարփակ զարգացումի խթանման ծառայութեան բաժանմունքին միջոցաւ։

Վերոնշեալ գումարը Ֆիլիփինի մէջ Առաքելական Պատուիրակութեան միջոցաւ պիտի բաժնուի տեղական եկեղեցիներուն` որպէս Սրբազան Պապին հոգեւոր մօտիկութեան նշան եւ քաջալերանք։

Սոյն օժանդակութիւնը, որ կ՛ընկերանայ սիրեցեալ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բնակչութեան համար աղօթքին` զոր Քահանայապետը խնդրած էր անցեալ 19 դեկտեմբեր 2021ի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, մաս կը կազմէ Համայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած օգնութիւններու արշաւին։

Նորին Սրբութիւնը որոշած է նաև 100 հազար եւրոյի գումար ուղարկել Լեհաստանի և Պիելոռուսիոյ սահմանին արգելափակուած գաղթականներու խումբերուն Լեհաստանի Քարիթասի օգնութեամբ՝ դիմագրաւելու համար այդ արտակարգ իրավիճակը որ գոյութիւն ունի  երկու երկիրներու միջեւ տիրող լարուածութեան պատճռաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2022, 12:10