Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

Իտալիոյ բոլոր եկեղեցիները կ՝ընդառաջեն Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին աղօթելու Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ի նպաստ

Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասթեւերէ եկեղեցիէն ներս տեղի կ՝ունենայ աղօթք` նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռի այլ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապ. Ռիչարտ Փոլ Կալլակերին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Ուքրանիոյ ի նպաստ աղօթքի հրաւէրը Իտալիոյ մէջ թարգմանուեցաւ տարբեր թեմերու կողմէ կազմակերպուած աղօթքի ձեռնարկներով։

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 26 յունուարի երեկոյեան Հռոմի «Santa Maria in Trastevere» եկեղեցիէն ներս Սան Էճիտիոյ հասարակութեան տեղի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՝ունենայ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ի նպաստ աղօթք- նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերին։

Իտալիոյ եպիսկոպոսները եւս, այսօր եպսիկոպոսաց խորհուրդի ընդհանուր նիստին աւարտին աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած Ուքրանիոյ համար։

Մինչ Հռոմի Սուրբ Սոֆիա եկեղեցիէն ներս երեկոյեան ժամը 6ին, տեղի կ՝ունենայ ժամասացութիւն։

Հռոմի մէջ Յոյն կաթողիկէ Ուքրանացիներուն Սուրբ Սէրճօ եւ Պաքօ եկեղեցիէն ներս նախատեսուած են աղօթքի երկու արարողութիւններ. առաջինը յետմիջօրէին, երկրորդը երեկոյեան։ Երկու աղօթքները ուղղակի պիտի սփռուին համացանցի միջոցաւ։

Յիշենք նաե,ւ որ Իտալիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ եւս տեղի կ՝ունենան աղօթքի պահեր ընդառաջելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին։

Եկեղեցական շարժումներու շարքին` Ացիոնէ Քաթոլիքա, Ազատութիւն եւ հաղորդութիւն, Սուրբ Հոգիին մէջ Վերանորոգում շարժումները, կազմակերպած են աղօթքներ Ուքրանիոյ համար ու տարբեր ցոյցերով ու գործունէութեամբ ամէն ջանք կը թափեն, Ուքրանիոյ հարցերը քաղաքական բանակցութիւննեու ճամբով խաղաղօրէն լուծելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2022, 13:33