Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը միջազգային կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ընկերակցութեան անդամներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր արտասանած պատգամին մէջ անդրադարձաւ միջազգային ընկերակցութեան ժամանակակից առաքելութեան, որ է յստակացնել Քովիտ 19ի պատուաստին դէմ սխալ լուրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 28 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց “Catholic fact-checking”միջազգային կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ընկերակցութեան անդամները։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Պօղոս Զ Պապին, 1972 թուականին հաղորդամիջոցներու միջազգային օրուան պատգամէն հատուած մը՝ ուր Սուրբ Պապը կ՝ընդգծէ, թէ լրագրողին պարտականութեան գերազանցութիւնը կը կայանայ ոչ միայն յայտնելու այն ինչ որ անմիջապէս յայտնաբերելիք է՝ այլեւ որոնելու մէջ բացատրութեան տարրերը, իր զեկուցելիք սեփական իրողութիւններուն պատճառներուն եւ հանգամանքներու վերաբերեալ։ Հետեւաբար այդ աշխատանքը խիստ մեթոտ կը պահանջէ քննելու եւ արժէքաւորելու համար աղբիւրները, հաւատարիմ գտնուելով դիտարկուած տուեալներուն ու անոնց համապարափակ սփռումին

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց հաղորդամիջոցներու միջազգային ընկերակցութեան ժամանակակից առաքելութեան, որ է յստակացնել Քովիտ 19 ի պատուաստին դէմ fake news էրն ու մասնակի տեղեկատուութիւնները, համացանցին մէջ տարածելով տարբեր կաթողիկէ հաղորդամիջոցները եւ ներգրաւելով տարբեր մասնագէտները։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով ընկերակցութեան վերոյիշեալ առաքելութիւնը նշեց, թէ այդ առաքելութիւնը կը կատարուի «միասին Ճշմարտութեան համար» խօսքը կեդրոնացուց «միասին» բառին իմաստին վրայ նշելով որ այդ բառը հիմնական է նաեւ տեղեկատուութեան մարզէն ներս։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց որ ցանց կազմելը, հմտութիւններու, ծանօթութիւններու ու նպաստներու կիսումը՝ պատշաճ կերպով տեղեկացնելու համար ինքնիր մէջ վկայութիւն է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց որ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ընկերակցութեան կարեւոր երկրորդ բառն է «միասին բանի մը համար»։ բառ մը որ կը յիշեցնէ թէ իբրեւ քրիստոնեաներ դէմ ենք անարդարութիւններու եւ սուտերուն, սակայն միշտ անձերու համար ենք։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց երբեք չմոռնալ կարեւոր տարբերութիւնը անձերու եւ լուրերու միջեւ նկատել տալով որ Քրիստոնեայ լրագրողը իր գործը կը կատարէ ըստ աւետարանին, կամուրջներ կը կառուցէ ու խաղաղութեան արուեստագէտ է նաեւ ճշմարտութեան որոնումին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միշտ ըլլայ միասին բանի մը ի նպաստ եւ ոչ թէ հակառակ ու յիշել թէ պատուաստումի եւ բուժումի մօտեցումը պէտք երաշխաւորուի բոլորին, նաեւ աղքատներուն։ Պիտի բուժուինք եթէ ամէնքս բուժուին։ք ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ ճշմարտութեան բառին մասին խրախուսելով երբեք չյոգնիլ լուրերը ստուգելէ ու զանոնք պատշաճ ձեւով ներկայացնելէ։ Միասին ըլլալ ճշմարտութեան համար կը նշանակէ որոնել կը նշանակէ խթանել տեղեկացուած, կայուն, առողջ, արդար ընկերութիւն մը։ Քրիստոնեային համար ճշմարտութիւնը երբեք մէկ գաղափար չէ որ կը վերաբերի գործերու, կամ իրերու դատողութեան։

Ճշմարտութիւնը այն է որուն վրայ կարելի է կռթնիլ չ՝իյնալու համար։ Միակ բանը որ ճշմարիտ է ու արժէքաւոր՝ կենդանի Աստուածն է ։ Ահա Յիսուսի խօսքը ես եմ ճշմարտութիւնը։ (Յովհ 14,6)

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց խօսքը նշելով որ միշտ կը յիշէ ու կ՝աղօթէ համաճարակի զոհերուն ու անոնց հարազատներու համար։ Ապա բարի աշխատանք մաղթելով տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2022, 10:25