«Տէրը բոլոր նորապսակներուն պարգեւէ ուժ եւ ուրախութիւն` որպէսզի շարունակեն սկսած ճանապարհը». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան
Կիրակի 26 դեկտեմբեր 2021-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն ըսաւ. «Այժմ կը դիմեմ համայն աշխարհի նորապսակներուն , այսօր` Սուրբ Ընտանիքի տօնին օրը, կը հրապարակուի նամակ մը, զոր գրեցի ձեզի մտածելով, ասիկա իմ Ծննդեան նուէրն է ձեզի, քաջալերանք մը, մօտիկութեան նշան, ապա առիթ խորհրդածութեան։ Կարեւոր է մտածել ու փորձարկել Աստուծոյ բարութիւնը ու քնքշութիւնը, որ Հայրական բազուկով կ՛առաջնորդէ նորապսակներուն քայլերը բարիի ճանապարհին վրայ։ Թող` որ Տէրը բոլոր նորապսակներուն պարգեւէ ուժ ու ուրախութիւն, որպէսզի շարունակեն իրենց սկսած ճանապարհը»։
Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեցուց որ «կը մօտենանք Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին» հրաւիրելով «մասնաւորապէս աղօթքով պատրաստուելու այդ միջոցառումին» ու զայն ապրելու նաեւ թեմերուն մէջ, միւս ընտանիքներուն հետ միասին։
Քահանայապետը ապա իր մտահոգութիւն յայտնեց ի տես «ժողովրդագրական» ճգնաժամին, դիտել տակով, որ շատ մը զոյգեր կը նախընտրեն քիչ զաւակներ ունենալ, մէկ կամ երկու, այս մէկը նկատելով «ծանր հարց մը», ու հրաւիրելով ամէն ջանք ի գործ դնել յաղթահարելու համար այս հարցը` որ «դէմ է մեր ապագային»։
Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ապա հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, հրաւիրեց այցելել մսուրը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրեն բարեմաղթութիւններ ուղղեցին այս օրերուն, ապահովեցնելով իր աղօթքները, մասնաւորապէս շնորհակալ ըլլալով աղօթքներուն համար զոր շատերը խոստացան իրեն։
«Բարի Սուրբ Ընտանիքի տօն» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ