Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Նիկոսիոյ մարզադաշտին մէջ «Եկեղեցին մենք ենք, որ ուրախութեամբ կ՝ապրի աւետարանը։»

Նիկոսիայի GSP մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին արտասնած քարոզը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Կիպրոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, Նիկոսիայի GSP մարզադաշտին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզը կեդրոնացնելով Մատթէոս աւետարանէն քաղուած՝ Յիսուս երկու կոյրեր կը բուժէ (Մատթ. 9,27) հատուածին վրայ թելադրեց կեդրոնանալ երեք կէտերու վրայ, «յիսնակաց շրջանին մեզ կ՝օգնեն ընկալելու Տէրը, որ կու գայ ըսաւ» Սրբազան Հայրը։  Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ համապատարագեցին Մարոնիներու Ռայի պատրիարքն ու Սուրբ Երկրի լատինաց պատրիարք Փիերպաթիսթա Փիցապալլան։

Առաջին կէտը. Երթալ Յիսուսի մօտ բուժուելու համար։

Անդրադռնալով աւետարանի հատուածին Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ երկու կոյրերը Յիսուսը չեն տեսներ, սակայն կը լսեն Անոր ձայնը ու կը հետեւին Անոր քայլերուն։ Կոյրերը Յիսուսի մէջ կը փնտռէին մարգարէներուն աւետումները, այսինքն Աստուծոյ գթութիւնն ու բուժումի նշանները՝ ժողովուրդին ներքեւ։ Աւետարանին երկու կոյրերը Յիսուսի կը վստահին ու Անոր կը հետեւին՝ իրենց աչքերուն  լոյս որոնելու համար։ Կոյրերը Յիսուսի կը վստահին, որովհետեւ կ՝ըմբռնեն, թէ պատմութեան մութին մէջ Անոր ճրագը՝ որ կը լուսաւորէ սիրտի եւ աշխարհի գիշերները, կը յաղթահարէ մթութիւնը եւ կը յաղթէ ամէն կուրութիւն։ Մենք եւս ըսաւ Սրբազան Հայրը կոյրերու նման, ստէպ մխրճուած ենք կեանքի խաւարին մէջ։ Առաջին քայլը որ պէտք է կատարենք այն է, երթալ Յիսուսին ինչպէս ինք կ՝ըսէ, եկէք իմ մօտս դուք բոլորդ որ յոգնած էք։

Յիսուս բժիշկն է. լոկ Ան է իսկական լոյսը որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, կ՝ընծայէ առատ լոյս, ջերմութիւն ու սէր։ Յիսուսին փոխանցենք՝ մեր սիրտը ամոքելու կարելիութիւնը։ Ասիկա առաջին քայլն է, ներքին բուժումը, որ կարիք ունի այլ երկու քայլերու։

Երկրորդ կէտը. Միասին կրենք վէրքերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ  աւետարանի դրուագին մէջ չկայ միայն մէկ կոյրի մը բուժումը, հոն կը բուժուին երկու կոյրեր։Անոնք միասնաբար կը գտնուին ճամբուն վրայ։ Միասնաբար կը կիսեն իրենց ցաւը, միասնաբար կը փափաքին լոյս մը, որ կրնայ վառել լոյսը՝ իրենց գիշերներու սիրտին մէջ։ Երկու կոյրեր միասնաբար կը հետեւին Յիսուսին, կ՝աղաչեն եւ բուժում կը խնդրեն։ Երկու կոյրերը իրենց ցաւերու բաժանումով եւ իրենց բարեկամական եղբայրութեամբ մեզի շատ բաներ կը սորվեցնեն։ Իւրաքանչիւր անձ, որ կոյր է մեղքին հետեւանքով. մեղքը ոարգելք կը դառնայ տեսնելու Աստուած իբրեւ Հայր եւ ուրիշները իբրեւ եղբայրներ։ Հետեւաբար չէ կարելի է միայնակ դիմագրաւել մութը։ Եթէ մեր ներքին կուրութիւնը առանձին կրենք, կը ծանրաբեռնուինք։ Կարիքը ունինք մէկը միւսին քով կենալու, վէրքերը բաժնեկցելու եւ միասնաբար ուղեւորութիւնը դիմագրաւելու։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, եթէ մեր միջեւ բաժնուած մնանք, եթէ մեզմէ ամէն մէկը իր անձին մասին մտածէ եւ ոչ թէ հասարակութեան մասին, եթէ չհամախմբուինք, պիտի չկարենանք բուժուիլ կուրութենէն։ Բուժումը կը ստանանք եթէ միասնաբար կրենք վէրքերը, եթէ միասին դիմագրաւենք հարցերը, եթէ մէկը միւսին ունկնդրէ եւ խօսի։

Երրորդ կէտը . ուրախութեամբ հռչակել Աւետարանը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ Աւետարանի երկու կոյրերը Յիսուսի ձեռքով բուժուելէ ետք, կը սկսին լուրը տարածել տարածաշրջանին մէջ։ Յիսուս անոնցմէ խնդրած է, որ ոչ մէկուն խօսին բուժումի մասին։ Կոյրերուն նպատակը անհնազանդութիւն չէր, անոնք պարզապէս անկարող կը դառնան զսպելու բուժումի իրենց ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ Յիսուսի հետ հանդիպումի հրճուանքը։ Հոս կայ Աւետարանի այլ յատկութիւն մը, Աւետարանի ուրախութիւնը  որ կը լեցնէ սիրտը եւ համայն կեանքը, անոնց որոնք Յիսուսի հետ կը հանդիպին։

«Սիրելիներ, գեղեցիկ է ձեզ տեսնել, որ ուրախութեամբ կ՝աւետէք Աւետարանը։ Ձեզ կը քաջալերեմ յառաջ ընթանալ այս ուղիին վրայէն, նման Աւետարանի երկու կոյրերուն վերանորոգելով Յիսուսի հետ հանդիպումը եւ դուրս գալով առանց վախի, Յիսուսը վկայելու, բոլոր անոնց որ կը հանդիպինք»։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը նշելով, «սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Տէրը կը քալէ նաեւ Կիպրոսին ճամբաներէն, կ՝ունկնդրէ մեր կուրութեան աղերսը, կ՝ուզէ մեր աչքերու եւ սիրտերուն դպչիլ, կ՝ուզէ լոյս սփռել , վերածնել եւ ներքնապէս վերականգնել։ Վերանորոգենք մեր յոյսը Յիսուսի հանդէպ ըսելով. կը հաւատամ որ քու լոյսդ աւելի մեծ է քան մեր խաւարը, կը հաւատանք որ կրնաս մեզ բուժել, որ կրնաս վերանորոգել մեր ներքին եղբայրութիւնը, որ կրնաս բազմապատկել մեր ուրախութիւնը։ Եւ համայն եկեղեցւոյ հետ, կը հայցենք, եկ Տէր Յիսուս։» Ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապին հրաժեշտի խօսքը։

Սուրբ պատարագի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտի խօսք ուղղեց շնորհակալութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնելով ստացած ջերմ ընդունելութեան համար ։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ Կիպրոսի մէջ կը շնչէ սուրբ երկրի յատուկ օդը, ուր քրիստոնեայ հին եւ տարբեր աւանդութիւնները կը հարստացնեն ուխտաւորը։

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ որ, շատ հաճելի եւ ուրախութիւն է հանդիպիլ հաւատացեալներուն, որոնք ներկան՝ յոյսով կ՝ապրին, որոնք բաց են ապագային , եւ կը բաժանեն այդ հորիզոնը կարիքաւորներուն հետ, «որոնց հետ քիչ մը ժամանակ պիտի անցնեմ այս կղզիին մէջ, տարբեր դաւանանքներուն քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ» ըսաւ սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտի խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին որոնք համագործակցեցան սոյն այցելութեան համար խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։ Թող Տէրը օրհնէ եւ Տիրամայրը պաշտպան կանգնի։ Efcharistó! Շնորհակալութիւն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2021, 10:00