Հաշմանդամութիւն Հաշմանդամութիւն 

Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

«Եկեղեցին ձեզ կը սիրէ եւ ձեզի պէտք ունի», կը գրէ Սրբազան Պապը յառաջիկայ 3 դեկտեմբերին նշուող ՄԱԿ-ին կողմէ հռչակուած Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց միջազգային օրուան նուիրուած իր պատգամին մէջ, շեշտը դնելով Յիսուսին հետ բարեկամութեան կարեւորութեան վրայ ու հաստատելով որ «Յիսուս մեզ երբեք չի լքեր»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի 25 նոյեմբերին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց միջազգային օրուան առիթով հրապարակած պատգամին, որուն խորագիրը քաղուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ. 15,14) «դուք իմ բարեկամներս էք»։

«Եկեղեցին ձեզ կը սիրէ եւ ձեզի պէտք ունի», կը գրէ Սրբազան Պապը յառաջիկայ 3 դեկտեմբերին նշուող ՄԱԿ-ին կողմէ հռչակուած Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց միջազգային օրուան նուիրուած իր պատգամին մէջ, շեշտը դնելով Յիսուսին հետ բարեկամութեան կարեւորութեան վրայ ու հաստատելով որ «Յիսուս մեզ երբեք չի լքեր»։

Յիսուս` որպէս բարեկամ

«Յիսուսը ունենալ որպէս բարեկամ ամենամեծ մխիթարանքն է ու մեզմէ իւրաքանչիւրս կը դարձնէ երախտապարտ, ուրախ աշակերտ ու կարող` վկայելու թէ ինչպէս սեփական դիւրաբեկութիւնը արգելք մը չէ ապրելու եւ վկայելու Աւետարանը» կը գրէ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ Յիսուսին հետ այդ բարեկամութիւնը «հոգեւոր բանալին» է ընդունելու համար սահմանափակ կարողութիւնները եւ հաշտուած կերպով ապրելու սեփական վիճակը։

Եկեղեցին` բոլորի տուն

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը հաստատէ, որ Եկեղեցին տունն է բոլորին ու նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն, որովհետեւ եկեղեցին «կատարեալներու» հասարակութիւն մը չէ. այլ ուղեւորութեան մէջ աշակերտներու եկեղեցի», որոնք կը «հետեւին Տիրոջ ու պէտք ունին անոր ներումին» կը գրէ Սրբազան Պապը դիտել տալով. որ իւրաքանչիւր անձ կանչուած է սատարելու եկեղեցւոյ կեանքին ու սիւնհոդոսական ընթացքին։

Խտրականութիւնը

Սրբազան Պապը կը մատնանշէ ապա հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն նկատմամբ տակաւին գոյութիւն ունեցող խտրականութեան դրսեւորումներուն, «կարծես թէ ըլլային ընկերութեան մարմնէն բաժնուած մաս մը»։

«Այս խտրականութիւնը կը սնանի նախապաշարումներով, անգիտակցութեամբ ու մշակոյթով մը, որ կը դժուարանայ հասկնալ իւրաքանչիւր անձի անհամեմատելի արժէքը», կը հաստատէ Սրբազան Պապը, ընդգծելով թէ այս մէկը կը սատարէ բաժնուած պահելու հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն գոյութիւնը ու յառաջացնելու անոնց նկատմամբ «խարանը»։

Այս ծիրէն ներս Քահանայապետը կը խօսի նաեւ «հոգեւոր ուշադրութեան պակասի մասին» որ ի յայտ կու գայ եկեղեցւոյ մէջ, ուր շատ անգամ այս անձերուն կը ժխտուի սուրբ Հաղորդութիւնը, այս առընչութեամբ յղում կատարելով Քրիստոնէականի ուղեցոյցին ու հաստատելով` որ «ոչ մէկը կարող է հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն մերժել սուրբ հաղորդութիւնը»։

Սէր հանդէպ անոնց որոնք կը տառապին քովիտէն

Պատգամին մէջ Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ նաեւ համավարակին յառաջացուցած դժուարութիւններուն ու մասնաւորապէս հաշմանդամութեամբ անձանց համար, որոնք աւելիով տառապեցան անոր հետեւանքէն, շատ անգամ հեռու մնալով նաեւ իրենց սիրելիներէն։

«Իմացէք որ Քահանայապետը եւ եկեղեցին ձեր կողքին են, սիրով եւ քնքշութեամբ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով` որպէսզի հաշմանդամութիւնը արգելք չըլլայ` անոնց «երաշխաւորելու համար ամենալաւ խնամքները», ապա կը գնահատէ որոշ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու նախաձեռնութիւնները, որով կը խնդրեն «առանց խտրականութեան յարգել խնամուելու իրաւունքը»։

Սրբութեան կոչումը եւ աղօթքը

Սրբազան Քահանայապետը կը յիշեցնէ ապա թէ բոլորս կանչուած ենք սրբութեան եւ թէ Յիսուսին հետ հանդիպումը մեր կեանքը կը փոխակերպէ արմատապէս, որպէսզի ստանձնենք վկայութեան ընթացք մը։ Մատնանշելով ապա Ավիլայի Սրբուհի Թերեզայի խօսքերուն թէ «դժուար ժամանակներուն հարկաւոր են Աստուծոյ զօրեղ բարեկամներ թիկունգ կանգնելու համար տկարներուն» Նորին Սրբութիւնը նշեց համաճարակի ժամանակը մեզի ցոյց տուաւ թէ «դիւրաբեկութեան իրավիճակը» կը միացնէ մեզ բոլորս։ «Իրազեկ դարձանք, թէ կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, բոլորս ալ դիւրաբեկ եւ ուղեկորոյս, սակայն միեւնոյն ատեն կարեւոր ու անհրաժեշտ, կանչուած բոլորս միասին թիավարելու»։

«Իմ թիավարելու ձեւը աղօթքն է», նշեց Քահանայապետը, հաստատելով, որ «բոլորս կարող ենք այս մէկը ընել» ու աւելցնելով, որ «նոյնիսկ եթէ, Մովսէսի նման մենք կարիքը ունինք աջակցութեան, վստահ ըլլանք, որ Տէրը պիտի ունկնդրէ մեր աղերսը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2021, 12:30